2013-02-25 12:31:46

Իտալիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները։


24 եւ 25 Փետրուարին Իտալիոյ մէջ կը կայանան Խորհրդարանական Ընտրութիւնները։ Փետրուար 24-ին կայացած ընտրութիւններու առաջին օրը, քուէարկութեան մասնակցած է ընտրողներու աւելի քան հարիւրէն 54 տոկոսը։
Իտալացիները կ՝ընտրեն Ազգային Խորհրդարանի զոյգ պալատներու Ծերակոյտի եւ Պատգամաւորներու Պալատի նոր կազմը։ Պատգամաւորներու պալատի ընտրութիւններուն համար կրնան քուէարկել երկրի բոլոր չափահաս քաղաքացիները,իսկ Ծերակուտականներու ընտրութեան համար քուէարկելու իրաւունք կ՝ունենան միայն անոնք որոնք արդէն լրացուցած են 25 տարեկանը։ Փետրուար 25ին ընտրական տեղամասերը բաց կը մնան Իտալիոյ ժամով՝ առաւօտեան ժամը 7.00էն մինչեւ ժամը՝15.00։ Այս ընտրութիւններու ընթացքին միաժամանակ տեղի կ՝ունենան նաեւ Իտալիոյ երեք Մարզերու՝ Լացիօ-Լոմպարտիա եւ Մոլիզէ-ի Ղեկավարներու եւ տարածաշրջանային Խորհուրդներու ընտրութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.