2013-02-25 12:36:52

Արցախը «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Ճամբորդական Ցուցահանդէսին Մէջ.


Այս տարի եւս, Հայաստանն ու Արցախը ներկայացնող միացեալ կրպակ մը հաստատուի »Լոս Անճելըս Թայմզ« օրաթերթի հռչակաւոր ճամբորդական ցուցահանդէսի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 23-24ին, Լոս Անճելըսի »Convention Center«ին մէջ:

Հակադարձելու համար Ատրպէյճանի այն սպառնալիքներուն, թէ ան պիտի զգետնէ Ստեփանակերտի Օդակայանը օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը՝ ցուցահանդէսին մասնակցիները լուսարձակի տակ առին Արցախի եւ Հայաստանի բնական գեղեկցութիւնն ու հոն այցելելու տարբեր կարելիութիւնները՝ աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու նպատակով:
Կրպակին մէջ լուսարձակի տակ կ՝ առնուի նաեւ Հայաստան եւ Արցախ այցելելու մասին նորագոյն ուղեցոյցը, որ պատրաստուած էր Մեթիու Քարանեանի եւ Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ:
Հայաստանի կառավարութեան ազգային մրցունակութեան հիմնարկը, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը եւ Արցախի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը կը հովանաւորեն այս աշխատանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.