2013-02-23 12:53:19

Սուրիոյ Մօտ Առաքելական Դսեպանին Կոչը Վերջ Դնելու Սուրիոյ Ողբերգութեան։


''միջազգային հասարակութիւնը կը շարունակէ Պիղատոսի դերը խաղալ։''

Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Մարիօ Զենարի դատապարտած է Սուրիոյ ժողովուրդին ողջակիզումը եւ կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութենէն որ պարտադրէ ընդհարումի դերակատարները դուրս գալու զինեալ տագնապէն եւ կլոր սեղանի շուրջ նստելու։
Սուրիոյ զանազան քաղաքներու եւ մասնաւորապէս Տամասկոսի ճամբաներու վրայ ամէն տեղ կը հանդիպինք ցիր ու ցան այրած մարմիններու ու արիւնալի ու ողբերգական տեսարաններու։ Ընդհարումներու սկիզբէն մինչեւ այսօր աւելի քան 70 հազար հոգիներ մահացած են, որոնցմէ շատերը անմեղ քաղաքացիներ են, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ։
Միջազգային հասարակութիւնը կը շարունակէ Պեղատոսի դերը կատարել - յատարարած է Գերապայծառ Զենարի իր հիասթափութիւնը յայտնելով Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ իրեն դէմ պատրաստուած հաւանական մահափորձի լուրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.