2013-02-23 12:53:59

Չանաքքալէի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Սուֆիական Ծէսեր Կը Կատարուին


Չանաքքալէի հայկական եկեղեցւոյ մէջ թուրքերը վերջերս սուֆիական խորհրդապաշտական ծէսեր կը կատարեն:
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 17-րդ դարուն կառուցուած Ս. Գէորգ եկեղեցին հայ համայնքին հեռացումէն ետք վերածուած է մշակութային կեդրոնի, իսկ այժմ այնտեղ սուֆիական ծէսեր կը կատարուին:
Հերթական ծէսը դիտելու համար հրաւիրուած են բազմաթիւ հիւրեր, ներառեալ` նահանգապետ Կիւնկէօր Ազիմ Թունան: Ան յայտարարած է, որ Չանաքքալէի մէջ այսպիսի կեդրոններու թիւը պէտք է աւելնայ:
«Մենք այսպիսի մշակութային հարստութիւններ շատ ունինք, եւ այսպիսի կառոյցներու ու այսպիսի մարդոց շնորհիւ վերստին ճանչնալու, մենք մեզ զարգացնելու կարելիութիւն կը ստանանք», ըսած է ան:
Արարողութիւնը աւարտած է Քուրանի ընթերցումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.