2013-02-23 12:59:55

Մարոնիներու Պատրիարքի Հովուական Այցելութիւնը Մոսկուա։


Ճամբորդութեան յայտագիրը կը ներփակէ հանդիպում համայն Ռուսիոյ պատրիարքի, ազգային ժողովի նախագահի եւ լիբանանցի համայնքին հետ։

Անտիոքի մարոնիներու պատրիարքը` գերերջանիկ կարդինալ Պշարա Ռաին, 26 փետրուարէն մէկ մարտ Ռուսիա կ'այցելէ։
Իր կեցութեան ընթացքին Պատրիարքը շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ իշխանութիւններու եւ Մոսկուայի պատրիարքին հետ։ Նախապէս Ռայի պատրիարքը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանցի հասարակութեան հետ եւ անոնց պիտի նուիրէ Մար Մարոնի մէկ մասունքը։
27 փետրուարին պիտի ճաշէ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսոիոյ Կիւրեղ Ա պատրիարքին հետ։
28 փետրուարին տեսակցութիւն պիտի ունենայ Դաշնակցային Ռուսիոյ ազգային ժողովի նախագահ Սերկէյ Մարիշքիին հետ։
Ուրբաթ մէկ մարտին հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ Մոսկուայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Մարոնի պատրիարքին հանդիպումներու առանցքը պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ ներկայ ողբերգութիւնը եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.