2013-02-22 11:38:04

Պքերքէի Մէջ Քրիստոնեայ Ընդարձակ Հանդիպում


Երէկ երեկոյեան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց քրիստոնեայ ընդարձակ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Սամի Ժեմայէլ, եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս ընտրական վերջնական օրինագիծի մը յանգելու քայլերը:
Աւելի ուշ, երեսփոխան Պութրոս Հարպ միացաւ Պքերքէի մէջ գումարուած նիստին:
Նիստէն ետք շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է պահպանել իւրաքանչիւրին որդեգրած կեցուածքը եւ խորհրդակցութիւններու դուռը բաց պահել:








All the contents on this site are copyrighted ©.