2013-02-22 11:36:37

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Յիշարժան Կարեւոր Թուականները... 2007 Տարին։


28 փետրուար 2013-ի Երեկոյան Ս. Պետրոսի Առաքելական Աթոռը Թափուր կը Մնայ։
Որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ Պետ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Քահանայապետը 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, երեք Շրջաբերական Թուղթեր հրատարակեց, 84 Կարտինալներ նշանակեց եւ Երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, Ռաթիզպոնի Համալսարանի մէջ արտասանած ճառի հետեւանք յառաջ եկած թիւրիմացութենէն, մինչեւ իր անմիջական, ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկամոլութեանց պարագաները ։ Ջանաց ՜՜երկխօսութեան ՝՝ մէջ մտնել lefebvristes-ներու հետ, նաեւ շեշտակի կերպով Հրեաներու հետ։ Պենետիկտոս ԺԶ .ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան Երկիրներու հետ։
Ահաւասիկ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Տարիներու Կարգ Մը Կարեւոր Թուականները...
2007-ին՝ 16 Ապրիլին լոյս կը տեսնէ Ա. հատորը ՜՜Նազովրեցի Յիսուս՝՝ի որ կը կրէ Ժոզէֆ Ռացցինկէր-Պենետիկտոս ԺԶ ստորագրութիւնը։
9-14 Մայիս Կ՝այցելէ Պրազիլը, մասնակցելու Լատին Ամերիկայի եւ (Celam) Գարայիպեան երկիրներու եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի հինգերորդ ընդհանուր խորհրդաժողովին։ Այդ առթիւ խորաններու պատւոյն կը բարձրացնէ Ա. Պրազիլցի Սուրբը։
Նոյն տարին 30 Յունիսին, Չինացի կաթողիկէներուն ուղղուած նամակին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՝ուղղէ Բէքինի իշխանութեանց, խնդրելով որ ապահովեն ՝՝կրօնական ճշմարիտ ազատութիւնը՝՝ ։
7 յուլիս 2007-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. յղեց «Motu Proprio Summorum Pontificum» Առաքելական Պատգամը, որ կը յորդորէ կատարել Սուրբ Պատարագի հանդիսութիւնը Սուրբ Պիոս Ե.-ի պատարագամատոյցին համաձայն։
7-9 Աւստրիա կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին կ՝այցելէ ՝՝Mariazell՝՝ի հռչակաւոր Մարեմեան Սրբավայրը։
30 Նոյեմբեր 2007-ին, Պենետիկտոս ԺԶ հրատարակեց Spe Salvi ՜՜Յոյսով Փրկուեցանք՝՝ Խորագրով Շրջաբերական Թուղթը նուիրուած Քրիստոնէական Յոյսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.