2013-02-22 12:11:49

Գեղազարթ Հատոր Մը Փարիզի Տիրամօր Նուիրուած Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Կառուցումին 850-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


ֆրանսայի մէջ մեծ շուքով կը տօնախմբուի Փարիզի ''Notre-Dame'' Տիրամօր նուիրուած աշխարհահռչակ աթոռանիստ եկեղեցին։ Այս տարեդարձին առթիւ նախատեսուած են, բոլոր տարւոյն ընթացքին, ժողովրդական զանազան տօնախմբութիւններ, արարողութիւններ ու ծիսակատարութիւններ։
Այս առթիւ "La Nuée Bleue" հրատարակչատունը լոյս տեսած է գեղազարդ ու թանկագին 500 էջնոց հատոր մը, որ կը կշռէ չորս քիլօ, եւ կը ներփակէ 650 լուսնկարներ։
Հատորին գինը 85 եւրօ։ Փարիզի առաջնորը` կարդինալ Վէնթրուա անձամբ հետեւած է վերոյիշեալ հատորի աշխատանքներուն ու ստորագարած է նախաբանը։ Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք նաեւ ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Հոլլանտի եւ Փարիզի քաղաքապետ Տելոնէի գրութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.