2013-02-22 11:44:00

1800 Երախաներ Շնորհակալական Նամակ Կ՛ուղղեն Պենետիկտոս ԺԶ-ին։


Մեքսիքոյի մէջ ներկայիս տեղի կ'ունենայ քրիստոնեայ մանուկներու եւ անչափահասներու անդրանիկ հաւաքը։ Այս առթիւ աւելի քան 1800 մանուկներ նամակ ուղղեցին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շնորհակլութիւն յայտնելու անոր եւ միաժամանակ իրմէ հայցելու աղօթք` աշխարհի բոլոր մանուկներուն համար։
Երախաները իրենց նամակները յանձնեցին Մեքսիքայի ''սուրբ Մանկութեան'' կազմակերպութեան քարտուղար` հայր Ալտօ Կարսիային որպէսզի նախքան 28 փետրուարին նամակները հասնին Սրբազան Քահանայապետին ձեռքը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.