2013-02-21 11:16:51

Ֆրանսացի Երեսփոխանը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Սեփական Անցեալի Հետ Հաշուի Նստելու Եւ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի փոխնախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի մէջ անպայման պէտք է որդեգրուի մինչեւ 2015-ի ապրիլ 24-ը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` աւելցնելով, որ ինք շատ կը փափաքի այդ օր Հայաստանի մէջ ըլլալ:
Ան յոյս ունի, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւը չի մերժուիր: Ան նաեւ յոյս ունի եւ կը հաւատայ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի պէս պիտի վարուի: «Այս ծիրին մէջ պիտի ուզէի նշել կատաղի, անհաւանական ճնշումները թրքական կառավարութեան կողմէ: Իմ կարծիքովս, բացարձակապէս անընդունելի է, որ Թուրքիան միջամտէ Ֆրանսայի ներքին գործերուն: Ֆրանսացի երեսփոխաններու իրաւունքն է քուէարկել այս կամ այն օրինագիծի օգտին», ընդգծած է ան:
Ռոշպլուան ցաւով նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը այնքան արագ չի զարգանար, որքան պէտք է: Բայց եւ այնպէս, կը կարծէ, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, շատ երկիրներ պիտի հետեւին անոր օրինակին: «Ահա թէ ինչու, մենք շատ հպարտ ենք, որ Ֆրանսան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներէն է», յայտնած է ան:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Թուրքիա շուտով ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կազմակերպուած էր Երիտասարդ թուրքերուն ձեռամբ: «Եւ ատիկա լաւ սկիզբ պիտի հանդիսանայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Ամօթ բան չկայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ: Ատիկա բան մըն է, որ պէտք է կատարուի Թուրքիոյ կողմէ` պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ հաշուի նստիլ սեփական անցեալին հետ», ընդգծած է ֆրանսացի երեսփոխանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.