Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Նախքան Հեռանալը Վատիկանէն, Փետրուար 28-ին Կարդինալական
Դասին Հետ Կը Հանդիպի ։
Քահանայապետի ընտրութեան ժամանակ ան քահանայապետական ամարանոցը պիտի քաշուի։
Յառջիկայ
28 փետրուարի առաւօտուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր վերջին հանդիպումը կը վերապահէ
կարդինալական դասին։ Ասիկա առիթ մը պիտի հանդիսանայ կարդինալներուն` ողջունելու Սրբազան
Հայրը որ իր կարգին շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ իր անմիջական գործակիցներուն եւ խորհրդակիցներուն։
Ապա երեկոյեան ժամը 5-ին Պենետիկտոս ԺԶ ինքնաթիռով պիտի ուղղուի Գասթել Կոնտոլֆօ`
քահանայապետական ամարանոցը, ուր հոն պիտի մնայ մինչեւ նոր Քահանապետին ընտրութիւնը։