Միջազգային Լրատուամիջոցներ Հայաստանի Նախագահական Ընտրութեան Մասին
Բրիտանական, ֆրանսական, ռուսական, արաբական յառաջատար լրատուամիջոցները ծաւալուն յօդուածներով
անդրադարձան 18 փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան: «Պի.Պի.Սի.»
կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը անցեալ ամիս իր խոր մտահոգութիւնը
յայտնած է, որ մեծ կուսակցութիւնները, ընտրական հոլովոյթին նկատմամբ վստահութեան բացակայութեան
պատճառով, թեկնածուներ չեն առաջադրած: «Հակառակ անոր որ Հայաստանի տնտեսութիւնը 2012-ին
շուրջ 7 առ հարիւրի աճ արձանագրած է, բայց եւ այնպէս գործազրկութիւնը 16 առ հարիւր կը
կազմէ, իսկ երկրի բնակչութեան 30 առ հարիւրէն աւելին աղքատութեան եզրէն անդին է: Պետութիւնը
կը դժուարանայ յաղթահարել աղքատութիւնը նաեւ այն պատճառով, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի
կողմէ առեւտրական շրջափակման մէջ կը գտնուի», կ՛եզրակացնէ «Պի.Պի.Սի.»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի
կայանը կ՛ընդգծէ, որ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը 60 առ հարիւր է, ինչ որ նախկին
խորհրդային հանրապետութեան համար «ժողովրդավարական մեծ քննութիւն էր»: ԱՖՓ «Հայաստանի
նախագահը կը յաղթէ վիճայարոյց ընտրութիւններուն» խորագիրով յօդուածին մէջ կը նշէ, որ
ընտրութիւններուն ելքը կանխատեսելի էր արդէն դեկտեմբեր 2012-ին, երբ Բարգաւաճ Հայաստան
կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ ընտրապայքարին պիտի չմասնակցի,
իսկ յետխորհրդային Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ըսաւ, որ նախագահի պաշտօնին
համար շատ ծեր է: ԱՖՓ կ՛աւելցնէ, որ ընտրութիւնները մթագնած են ուժեղ ընդդիմութեան բացակայութիւնը
եւ անցեալ ամիս նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած «խորհրդաւոր» մահափորձը: Vesti.ru
կայքէջը կը գրէ, որ «Սերժ Սարգսեան 20 առ հարիւր առաւելութեամբ կը յաղթէ ընտրութիւններուն
մէջ» եւ կը մէջբերէ ԱՊՀ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւի խօսքերը,
թէ ընտրութիւնները կատարուած են միջազգային արժեչափերուն համապատասխան: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ
իր կարգին կը մէջբերէ Լեպետեւի խօսքը, որ գործակալութեան յայտնած է, թէ «մեր գնահատականով`
ընտրութիւնները անցած են ընտրական օրէնսդրութեան արժեչափերուն համապատասխան: Կ՛ուզենք
նշել, որ նախորդ` 2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն համեմատ` նշանակալից դրական փոփոխութիւններ
արձանագրուած են»: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հաշուի առած են միջազգային
դէտերուն դիտարկումները: