2013-02-20 11:35:16

''Մէկ Սիրտ'' Կոչուած Քահանայապետական Բարեսիրական Մարմինի Ցաւը Սուրիոյ Ողբերգական Կացութեան Ի Տես։


''Սուրիա անտանելի վիճակ մը ունի։''

Փետրուար 19-21 Մէկ Սիրտ կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմնի նախագահը ` կարդինալ Ռոպէրդ Սարահ Յորդանան կ'այցելէ հանդիպում ունենալու սուրիացի փախստականներու հետ, ուր անոնց վիճակը որակուած է որպէս ''անտանելի''։
Իր կեցութեան ընթացքին խորհրդաժողով կը գումարէ շրջանի Միջին Արեւելքի ու հիւսիսային Ափրիկէի Գարիթասի պատասխանատուներու հետ Կարդինալ Սարայի ներկայութիւնը առիթ կու տայ սերտելու կացութիւնը եւ պատշաճ օգնութիւններ հասցնելու փախստականներուն։ Ան նաեւ առիթը պիտի ունենայ տեսակցելու Ապտալլահ Բ Յորդանանի արքային հետ։
Նշենք որ կարտինալ Սարահ անցեալ 2012-ի նոյեմնբեր 7-10 Լիբանանը այցելած էր եւ հանդիպում ունեցած էր Գարիթասի պատասխանատուներուն հետ եւ հանդիպած Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն։ Ներկայիս Յորդանանը իր հողին վրայ կը հիւրընկալէ աւելի քան 350 հազար սուրիացի փախստականներ։ Ապտալլահ արքան միջազգային հասարակութենէն աւելի օգնութիւններ կը պահանջէ, որպէսզի իր երկիրը կարողանայ դիմագրաւել փախստականներու մեծ ալիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.