2013-02-20 11:25:11

Կարտինալ Թոռան Կ'արտայայտուի Յառաջիկայ Քահանայապետին Դիմագրաւելիք Մարտահրաւէրներու Մասին։


Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` 2011-ին նշանակուեցաւ որպէս նախասարկաւագ։ Իր այս պաշտօնով անոր կ՛իյնայ համայն աշխարհին հաղորդել նոր Քահանայապետին անունը արտասանելով նշանաւոր արտայայտութիւնը`"Habemus papam"։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մը յայտնեց որ նոր Քահանայապետը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան մարդ, կարող վարդապետելու հաւատքի մասին եւ Եկեղեցւոյ կառավարութեան եղանակը վերատեսելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.