2013-02-19 14:47:34

Պալիի Եպիսկոպոսը Գոհաբանական Պատարագ Կը Մատուցէ Սան Ուրսի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Զուիցերիոյ Պալի թեմի առաջնորդը` գերապայծառ ֆելիքս Կմիւր, յառաջիկայ 28 փետրուարին պիտի գլխաւորէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին նուիրուած գոհաբանական պատարագ, զոր պիտի մատուցէ երեկոյեան ժամը 7-ին սուրբ Ուրս մայր տաճարին մէջ։
Ծիսակատարութեան ընթացքին հաւատացեալները պիտի աղօթեն նաեւ նոր Քահանայապետի ընտրութեան դիտաւորութեան։
Զուիցերիոյ զանազան թեմերու մէջ, նոյն օրը, գոհաբանութեան պատարագներ պիտի մատուցուին Պենետիկտոս ԺԶ -ի դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.