2013-02-19 14:37:07

Հայր ֆետերիքօ Լոմպատրիի Խմբագրականը
Հրաժարականէն ետք։


Ռատիովատիկանի Ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբաթական խմբագրականը յատկացուցած է Սրբազան Քահանայապետի հրաժարականին։
Պենետիկտոս ԺԶ-ի անցեալ 11 փետրուարի հրաժարականը, այնքան անսպասելի եւ անսուոր էր, որ ցնցեց համայն աշխարհը... Ամէնքս հուզուած մնացինք ու տակաւին կը փորձենք հասկնալ անոր նշանակութիւնը։
Որոշում մը որ աւելի զարմանք պատճառեց անոնց որ զինք չէին ճանչնար քան զայն ճանչցողներուն ու իրեն հետեւողներուն։
''Աշխարհի Լոյս'' հարցազրոյց գիրքին մէջ Սրբազան Հայրը վերապահօրէն եւ խոհեմութեամբ անդրադարձած էր իր քահանայապետութեան ապագայի մասին։ Ան յստակօրէն արտայայտած էր թէ իր կատարածը առաքելութիւն մըն է եւ ոչ թէ իշխանութեան բանեցում։ Իր քահանայապետութեան շրջանի սկիզբը իքնզինք որակած էր ''խոնարհ ծառայ մը Տիրոջ Այգիին մէջ'' որ իմաստուն կերպով իր ֆիզիքական տկար ուժերը օգտագործեց լաւագոյն կերպով կատարելու իրեն յանձնուած պաշտօնը։
Սրբազան Հօր հրաժարականը եկեղեցւոյ կառավարման կարեւոր որոշում մըն է ոչ որովհետեւ, ինչպէս ոմանք կը մտածեն, թէ Սրբազան Հայրը ինքզինք ատակ չէր զգար Հռովմէական եկեղեցին կառավարելու, այլ որովհետեւ եկեղեցւոյ ու աշխարհի մարտահրաւերները կը պահանջեն նոր կորով եւ կառավարական նոր ժամանակային հորիզոն մը համաչափուած հովուական պահանջներուն։
Պենետիկտոս ԺԶ-ը մեզ չի թողուր դժուար ժամանկաշրջանի մը ընթացքին այլ Եկեղեցին կը հրաւիրէ վստահութեամբ ապաւինելու Սուրբ Հոգիին ու Սուրբ Պետրոսի նոր յաջորդի մը։
Ան ըսաւ, ''այս օրերուն ֆիզիքական մօտիկութեամբ կը զգայ խտացուած աղօթքներն ու սիրոյ արտայատութիւնները որ իրեն կ՛ընկերանան։'' Մենք ալ մեր կը զգանք Սրբազան Հօր աղօթքներու եւ սիրոյ իւրայատուկ խորութիւնը ըլլայ մեզի ըլլայ իր յաջորդին հանդէպ։ Հոգեւոր յարաբերութիւն մը որ աւելի խոր եւ զօրեղ է քան առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.