2013-02-19 14:51:23

ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐԻՆ


Ծառայութիւնը շնորհք մըն է որ ամենաբարին Աստուած տուած է մարդուն, որպէսզի ան զգայ կեանքի գեղեցկութիւնը : Ծառայութեան նոյնինքն օրի-նակը եղաւ ամենաբարին Աստուած, որ դրաւ իր միածին Որդին մեր բոլորիս տրամադրութեան տակ : Թիւ 100 սաղմոսը մեզմէ կը պահանջէ հասնիլ ուրախութեան ծառայութեան միջոցով. , Ծառայեցէք Աստուծոյ ուրախութեամբե :Մենք բոլորս կարիքը ունինք ապրելու ծառայութեամբ մեր առօրեայ կեանքին մէջ : Մարդ ստեղծուած է դիւրաբեկ, տկար եւ ան կը զօրանայ եղբայրութեան զգացումով եւ ուրիշին ծառայելու պատրաստակամութեամբ :
Սուրբ Պօղոս մեզի կը խօսի եղբայրական ծառայութեան մասին երբ ան կ'ըսէ ,Ծառայեցէ՛ք Տիրոջ անհեղգ եռանդով, եռացող հոգիով : Ուրախ եղէք յոյսի մէջ, համբերող՝ նեղութեան մէջ, յարատեւող՝ աղօթքի մէջե :
Խօսիլ սիրոյ մասին կը նշանակէ խօսիլ կեանքի մասին, խօսիլ կեանքի մասին կը նշնակէ խօսիլ ծառայութեան մասին, խօսիլ ծառայութեան մասին կը նշանակէ խօսիլ ուրիշի մասին :
Սիրոյ, կեանքի եւ ծառայութեան առաջին աչքառու նշանը իր ամբողջութեամբ բնութիւնն է, որ կու տայ մեզի ամէն միջոց ապահովելու մեր կեանքի շարունակականութիւնը, մեր գոյութիւնը եւ մեր ուրախութիւնը, ինչպէս սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. ,եռանթով եղէք անվեհեր, եռացէք հոգիով, ծառայեցէք Տիրոջ, յոյսով խնդացէք, նեղութեան համբերեցէք եւ ստէպ աղօթեցէքե (Հռ 11, 11-12) :
Հեղինակը եւ տէրը բնութեան այս նուէրին, Աստուած, սէր է մեր երեւակայութենէն աւելի. ան միացած է մարդուն եւ անշահախնդիր ծառայութեան տակ է անոր, որպէսզի ան՝ մարդը կարենայ ապրիլ իր կոչումը, յառաջանալու, մեծնալու, ստեղծելու, հնարելու, ինքզինք կատարելագործելու, արդիւնաւէտ ըլլալու եւ բացուելու աշխարհին : Կը ստուգենք թէ Աստուած որքան կը սիրէ մարդը, որովհետեւ Ան տուաւ իրեն այն ինչ որ կարեւոր է եւ արժանի է մարդուն : Աստուած առատօրէն կու տայ մարդուն ամէն բարիք :
Աստուծոյ սէրը, որ հաւատարիմ եւ ամբողջականօրէն մարդուս տրամադրութեան տակ է, չէ սահմանափակուած միայն բնութեան բարիքով : Մարդ իր ազատութեան իւրայատուկ նուէրով կարող է ապրիլ իր անձնասէր հաճոյքով, ապրիլ Աստուծոյ կամքին եւ պատուիրաններուն հակառակ, ապրիլ սիրոյ ոգիին, ծառայութեան եւ համերաշխութեան հակառակ, բայց Աստուած որ է միակը եւ ունի կեանքի եւ մահուան վրայ իշխանութիւն, չի դատապարտեց մարդը, այլ Ան գնաց մինչեւ վերջ զոհելով իր միակ եւ սիրելի Որդին, մահ խաչի վրայ ազատելու համար զինք եւ աւելին ցոյց տալու անոր՝ մարդուն հանդէպ իր սէրը, իր հոգատարութիւնը, իր ողորմածութիւնը եւ իր ներողամտութիւնը : Մարդուն տրամադրու-թեան հակապատկերն ունի Աստուած : Ան չի դատապարտեր, չի չարչարեր, չի լքեր եւ չի սպաններ : Աստուած մեր Հայրը ցոյց տուաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իր ձրի սէրը համբերելով եւ ընդունելով անարդարութիւնները Ան ներեց մեղաւոր մարդուն եւ մնաց անոր ծառայելու տրամադրութեան տակ : Մարդուն պարտականութիւնն է Աստուծոյ սիրոյն օրինակին հետեւիլ, առնելու գիտակցութիւն հաւասարակշռելու իր գործերը, որոնք արժանի պիտի ըլլան դատապարտութեան եւ զղջումի արցունքի հեղման : Նկատելով թէ այն աստիճան Աստուած կը սիրէ մարդը որ եթէ նոյնիսկ ան արժանի չէ սիրոյ իր գործերուն համար ամենաբարին Աստուած պիտի ներէ իրեն իր մեղքերը :
Ուրիշը սիրել, ուրիշին ծառայելը, կը նշանակէ սիրել եւ սիրել անհրաժեշտօրէն իր արժանիքներով, սիրել իր արդար կամ անարդար ըլլալով հանդերձ, լաւ կամ վատ, գիտակից կամ անգիտակից, բարեկամ կամ թշնամի : Ամէն անգամ այս սէրը ծառայութեան պատրաստ է, այսինքն՝ լաւութեան եւ ուրիշին օգնելու համար : Այս սէրը կուրօրէն չի գործեր, այլ՝ իմաստութեամբ եւ խելացիօրէն, որ ցոյց կու տայ այն ինչ որ անարդար եւ սխալ է. եւ այս բոլորը ան ցոյց կու տայ համբերութեամբ, անուշութեամբ, ողորմածութեամբ եւ գուրգուրանքով, առանց դատապարտութեան, առանց բռնութեան եւ ար-համարհանքի :
Ինչպէ՞ս պէտք է սիրել եւ ծառայել անոնց որոնք մեզ չեն սիրեր : Պատասխանը պարզ է անոնց համար որոնք գիտակից են եւ հասկցած ողորմած եւ ամենաբարի Աստուծոյ անսահման սէրը, որ կը ներէ, կը քաջալերէ, կեանք կու տայ, որ անսահման համբերանքով չի դատեր եւ չի դատապարտեր : Մարդը որ հանդիպած է Աստուծոյ, այլեւս մարդ չէ միմիայն ֆիզիքականով՝ արիւնով եւ մարմինով, այլ՝ մարդ մըն է որ կ'ապրի ներշնչման եւ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեան մէջ, մարդ մը որ չի սիրեր միմիայն մարդկային պայմաններէ մղուած, իր շահերէն, իր կամքէն, այլ՝ Հոգին Սուրբ կ'ապրի իր մէջ : Ան ուրեմն կարող է սիրել նոյնիսկ զանոնք որոնք արժանի չեն :
Շնորհակալ ըլլանք մեր երկնաւոր Հօր իր շնորհքին համար, զոր կու տայ մեզի ամէն օր սիրելու եւ ծառայելու ուրիշին երկնային կեանքին համար :
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.