2013-02-19 12:38:43

Զմմառու Վանքին Մէջ՝ Սիրոյ Սեղան Հրաժեշտ Տալու Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին,


ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց Նորանշանակ Առաջնորդին ։
Շաբաթ 16 Փետրուարին, Զմմառու Վանքին մէջ, կէսօրուայ ճաշին հրաւիրուած էր Լիբանանբնակ Հայ Կաթողիկէ կղերականութիւնը, միասնաբար հրաժեշտ տալու Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին, որ անուանուեցաւ Առաջնորդ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Ան 44 տարիներ մեծ նուիրումով ծառայեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:
Եղբայրական ագապի ընթացքին՝ սրտաբուխ կենացները և քաղցրահունչ երգերը ուրախութեամբ պարուրեցին ներկաները: Ճաշկերոյթի աւարտին խօսք առաւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատաեան: Ան վեր առաւ Թէյրուզեան Գերապայծառին Միաբանութեան հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը, զորս դրսեւորած է երկար տարիներու աշխատանքով: Հուսկ բարի երթ ու առաքելութիւն մաղթեց անոր և որպէս անմոռանալի յիշատակ՝ իրեն նուիրեց Տիրամայր Զմմառու գեղեցիկ պատկերը:
Իր հերթին՝ խօսք առաւ Գերապայծառ Թէյրուզեան և յուզումնալից շեշտով հրաժեշտ տուաւ բոլորին, ըսելով թէ իր անհուն սէրը երբեք պիտի չմարի իր սիրած վանքին հանդէպ և թէ ինք պիտի բացակայի միայն ֆիզիքապէս, սակայն հոգիով միշտ ներկայ պիտի մնայ անոնց մէջ:









All the contents on this site are copyrighted ©.