2013-02-19 12:54:47

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Զաքքա Պատրիարքին


Շաբաթ, 16 փետրուար 2013-ի, առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Ա. պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման իր մաղթանքները: Յայտնենք, որ Զաքքա պատրիարք վերջին ամիսներուն առողջական պատճառներով հաստատուած է Պիքֆայայի կից գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ:
Հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ասորի չորս եպիսկոպոսներ եւ վեհափառ հայրապետի կողքին` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, առիթ հանդիսացաւ քննարկումի ենթարկելու երկու քոյր եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.