2013-02-18 13:03:26

Ռուսիոյ Մէջ Ինկած Երկնաքարային Անձրեւին Պատճառով Արձանագրուած Վիրաւորներուն Թիւը Բարձրացաւ 1240-ի


Ուրբաթ օր ռուսական եւ ղազախական հինգ շրջաններու մէջ ինկած երկնաքարային անձրեւին պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը բարձրացաւ 1240-ի: Կը հաղորդուի, որ դէպքին գլխաւոր վայրին` ռուսական Չելիապինսք նահանգին մէջ շողարձակումի մակարդակը տակաւին բնական է, եւ տնտեսական եւ ուժանիւթի կառոյցները բնական կերպով կը գործեն:
Ամերիկեան ՆԱՍԱ գործակալութեան փորձագէտները այն եզրակացութիւնը գոյացուցին, որ այդ երկնաքարը աւելի մեծ էր, քան նախապէս ակնկալուածը եւ թէ անոր տրամագիծը 17 մեթր էր եւ ոչ թէ 15 մեթր, իսկ կշիռքը` 10 հազար թոն: Աւելի՛ն, անոր պայթումին ուժը 30-էն 500 մեկաթոնի բարձրացուած է, այլ խօսքով` անիկա Հիրոշիմայի պայթումէն աւելի ուժգին էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.