Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հոգեւոր Կրթութեան Կը Մասնակցի։
17 - 23 Փետրուար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր անմիջական աշխատակիցներուն հետ
միասին, Վատիկանի Րէտէմնդորէս Մադեր Մատրան մէջ, Հոգեւոր կրթութեան կը մասնակցի, առ
ի պատրաստութիւն Սուրբ Զատկուայ հրաշափառ տօնին։ Սոյն շաթբուայ ընթացքին Սրբազան
Քահանայապետի բոլոր գործունէութիւնները դադրած կը նկատուին ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ
հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Վերոյիշեալ հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է` Մշակոյթի
Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, որ խորհրդածութեան որպէս
ընդհանուր նիւթ ընտրած է ''Աղօթքի արուեստը հաւատքի արուեստ։ Աստուծոյ դիմագիծը եւ մարդու
դիմագիծը սաղմոսներու աղօթքին մէջ։'' Յայտնենք որ Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ պիտի գտնէ
յառաջիկայ շաբաթ 23 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9-ին Սրբազան Քահանայապետի եզրափակիչ ճառով։
Նոյն Օրը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Իտալիոյ Հանրապետութեան
նախագահ` ճորճօ Նափոլէթանոյին։