Ճանապարհ Խաչի Ջերմեռանդութիւնը Զմմառու Վանքի Եկեղեցւոյ Մէջ
Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ 15 Փետրուարի՝ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Ճանապարհ
Խաչի» ջերմեռանդութիւնը՝ մասնակցութեամբ Վանքին հասարակութեան: Քառասնորդաց շրջանը
կը յատկանշուի «Ճանապարհ Խաչի» ջերմեռանդութեամբ: Ան կը կատարուի ամէն ուրբաթ, ի յիշատակ
Տիրոջ դառն չարչարանքներուն Հայ Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Հայ ժողովուրդը
խաչապաշտ ժողովուրդ է, վկայ՝ խաչքարի աննման արուեստը, որով ան արտայայտած է իր խոր բարեպաշտութիւնը
Խաչին հանդէպ դարերու ընթացքին: Սուրբերը կ'ըսեն թէ իր հոգին սրբացնելու աւելի յարմար
ջերմեռանդութիւն չկայ քան Յիսուսի չարչարանաց մտածութիւնը: «Ճանապարհ Խաչի» արարողութեան
ընթացքին կ'երգեցուին «Կայր առ Խաչին Մայր Ցաւագին» յուզումնալից երգը և Ս. Ներսէս Շնորհալիին
իմաստալից «Նորոգող Տիեզերաց»-ը: Խաչը յորջորջուեցաւ Քրիստոնէութեան «պարծանք պարծանաց»-ը
և «եկեղեցւոյ հիմ»-ը, «կենաց Ծառ»-ը և «Մովսէսի գաւազան»-ը: Հայ եկեղեցւոյ Շարակնոցը
նշանաւոր է իր Խաչին նուիրուած շարականներով, որոնք վերագրուած են Սահակ Գ Ձորոփորեցիի
և Գրիգոր Մագիստրոսին: