2013-02-18 13:27:16

Եգիպտոսի Ծայրայեղ Մահմետականները Յարձակում Կատարած Են Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ։


Ոստիկանութիւնը չէ միջամտած վերջ տալու բռնարարքներուն

ֆաումի մէջ` հարիւրաւոր մահմետականներ, քաջալերուած սալաֆիթ պարագլուխէն, յարձակում կատարած են ղպտի ս. Գէւորգ եկեղեցւոյ դէմ վար առնելով եկեղեցւոյ գմբէթի խաչը ու սրբապղծելով եկեղեցւոյ սրբանկարները եւ վիրաւորելով քահանայ Տոմատիոսը։
Ականատես վկաներու համաձայն ոստիկանութիւնը չէ միջամտած վերջ տալու բռնարարքներուն։
Նշենք որ ղպտի ս. Գէւորգ եկեղեցին կառուցուած է 80ական տարիներուն աւելի քան 200 ղպտի ընտանիքներուն աղօթքի ու հանդիպումի վայր հանդիսանալով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.