2013-02-18 14:12:33

Աղօթքի Հսկում Եւ Ս Պատարագ Փարիզի Մէջ Որպէսզի Խաղութիւնը Վերահաստատուի Սուրիոյ Մէջ։


Այս առթիւ յատուկ կերպով աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած որպէսզի արդար լուծում գտնուի ու խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ մէջ, հաւատացեալները յատուկ կերպով աղօթեցին քրիստոնեաներուն համար։ Ներկայ էին մեծ թիւով եկեղեցականներ՝ կրօնաւոր- կրօնաւորուհիներ եւ հաւատացեալներ։
Այս առթիւ իրենց վկայութիւնը բերին գերպ. Մարք ֆրօմաժէ նախագահը Օգնութիւն տառապող Եկեղեցւոյ՝՝ հաստատութեան, ինչպէս նաեւ գերյ. Հ Գէորգ Ծ Վրդ Ասսատուրեան ժողովրդաապետը Փարիզի՝ ՜՜Ս Խաչ՝՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք եկեղեցւոյ ժողովրդապետին՝ Հայր Կսավիէ Լըֆէվրին որ առիթը տուաւ աղօթելու այս եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ.
Սուրիան միշտ եղած է ՜՜օրինակ եղբայրասիրութեան՝՝ Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ, երկիր մը ուր երբեք չէինք լսած դաւանականութեան մասին, եւ ուր կ'ապրէինք առանց կրօնքի կամ ցեղի զանազանութեան:
Երկու տարիներ առաջ, պատերազմը սկսաւ Արաբական Գարուն անունով կամ յեղափոխութեամբ մը՝ տապալելու համար 40 տարիներէ ի վեր տեղի ունեցած իրաւակարգը : Դժբախտաբար, ամէն ինչ փոխուեցաւ, մանաւանդ քրիստոնեաներուն համար որոնք երբեք չեն մասնակցած քաղաքական կամ զինուորական խաղերուն : Այսօր սակայն, իրենք ալ կը կրեն այս պատերազմի վիճակի հետեւանքները... ինչպէս եղած էր Իրաքի մէջ :
Գրեթէ ամբողջ երկրին մէջ քաղաքացիները կ'ապրին դժուար օրեր, առանց ելեկտրականութեան, առանց վառելանիւթի, առանց դպրոցի եւ մանաւանդ առանց ուտելիքի : Իմ նախքին ժողովրդապետութեանս վարդապետին հարցուցի թէ ինչ կրնամ ղրկել իրենց որպէս օժանդակութիւն, ան պատասխանեց թէ մոմի պէտք ունին՝ հաւատացեալներուն բաժնելու համար : Մոմ չեն գտներ տուներու մէջ լոյս ունենալու համար, եւ որպէսզի երեխաները կարենան իրենց ուսումը շարունակել : Գրեթէ ամէն օր, կը փորձեմ կապ պահել , իմ ընտանիքիս եւ մի քանի հարազատ հաւատացեալներու հետ, զանոնք քաջարելելու համար՝ որպէսզի կարենան տոկալ եւ աղօթել : Տիկին մը խնդրեց որ աղօթենք որպէսզի գոնէ կէս գիշերին ելեկտրականութիւն ունենան եւ կարենան թէլէ -Լիւմիէրի վրայ հետեւիլ ու մասնակցիլ վարդարանին աղօթքին։
« 2012 տարին շատ դժուար տարի մըն էր (կը գրէր Կաթողիկէ երիտասարդներու պատասխանատու՝ Պրն Ռաֆֆին) Չկարողացանք մեր բոլոր կրօնական արարողութիւնները կատարել. Սուրբ Ծնունդը, որ կը տօնէինք կէս գիշերին, երեկոյեան ժամը 4-ին տօնեցինք, մոմերու լոյսով եւ շատ քիչ հաւատացեալներու ներկայութեամբ : Կացութիւնը ցաւալի է. Ամէն ինչ կը պակսի՝ ջուր, հաց , վառելանիւթ եւայլն...: Օրուան ընթացքին միայն 4 ժամ ելեկտրականութիւն ունինք : Դժբախտաբար, շատ մը քրիստոնեաներ գաղթեցին՝ քանի որ կը վախնան որ իրենց ապրած շրջանն ալ պատերազմի ենթարկուի» :
Հալէպի Գաղտիացիներու եպիսկոպոսը՝ Գեր. Աուտօ-ն Ռատիօ Վատիկանի միջոցաւ կոչ ուղղեց ըսելով. «Ամէն տեղ անապահովութիւնը , առեւանգում ու մահ՝ ռումբի պայթումով կամ զէնքով : Անապահովութեան պատճառաւ ժողովուրդը կը վախնայ աշխատանքի երթալու, այսպէս տնտեսային կեանքը կ'անշարժանայ եւ աղքատութիւնը կ'աճի : Տուներ, դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ ու պատմական վայրեր կործանուած են :
Մեզի կը մնայ աղօթել աշխարհի բոլոր քրիստնեաներուն հետ որպէսզի Մանուկ Յիսուսը՝ Խաղաղութեան Աստուածը մեզի տայ իսկական խաղաղութիւնը ինչպէս որ ըրինք Լիբանանի եւ Իրաքի պատերազմներուն ընթացքին, երբ գիշերներ շարունակ կ'աղօթէինք՝ Քրիստոսէն խնդրելու համար պաշտպանութիւն հալածուած քրիստոնեայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար եւ պատերազմին վերջաւորութեան համար :
(Աղօթք)
Ով Տէր, տուր մեզի ոյժը որպէսզի քալենք այս աշխարհի մութ եւ անհարթ ճամբաներուն վրայ : Դուն ես մեր ոյժը նեղութեան, հալածանքներու, բախումներու եւ հակառակութիւններու պահերուն մէջ :
Ով Տէր, օգնէ այս աշխարհի ղեկավարները որպէսզի որոշումներ առնեն մարդոց բարիքին համար :
Սուրբ Աւետարանիդ մէջ մեզի կ'ըսես. «Ձեզի կու տամ իմ խաղաղութիւնս» : Տուր ուրեմն խաղաղութիւնդ ՜՜Սուրիոյ՝՝ եւ մեր զաւակներուն պարգեւէ Քու անհուն խաղաղութիւնդ :
Խնամէ մեր վիրաւորեալները եւ օրհնէ մեր նահատակները :
Ով Աստուածամայր, օգնէ նահատակներուն մայրերը որպէսզի հանդուրժեն իրենց կորուստներուն ցաւերը :
Օժանդակէ երիտասարդներուն որոնք կը տառապին պանդխտութենէն :
Յոյս տուր կորսուածներու ընտանիքներուն :
Բարեկամը եղիր առեւանգուածներուն եւ պաշտպանէ զանոնք իրենց բանտարկութեան ընթացքին :
Վերստին միացուր Սուրիոյ ժողովուրդը որպէսզի խաղաղութեամբ ապրին իրար հետ :
Հակառակ մեր տկարութիւններուն եւ մեր կասկածներուն, մենք վկաներն ենք մեր հայրենիքին խաղաղութեան եւ լաւութեան : Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.