2013-02-17 12:21:06

Հոգեւոր Կրթութիւն Վատիկանի Մէջ


''Աղօթքի արուեստը հաւատքի արուեստ։ Աստուծոյ դիմագիծը եւ մարդու դիմագիծը սաղմոսներու աղօթքին մէջ''։
Կիրակի 17 փետրուարի, յետ միջօրէի ժամը 18-ին Վատիկանի Րէտէմնդորէս Մադեր Մատրան մէջ սկիզբ կ՛առնէ Քառասնորդաց շրջանի աւանդական Հոգեւոր Կթութիւնը որուն կը մասնակցի նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։
Այս տարուայ հոգեւոր կրթութեան 17 խորհրդածութիւնները յանձնուած են Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիին որ որպէս ընդհանուր նիւթ ընտրած է ''Աղօթքի արուեստը հաւատքի արուեստ։ Աստուծոյ դիմագիծը եւ մարդու դիմագիծը սաղմոսներու աղօթքին մէջ։''
Այսօր երեկոյեան ներկայաուած առաջին խորհրդածութեան նիւթն է '' Աստուծոյ դիմագիծը։ Շնչել, մտածել, մարտնչիլ, ու սիրել, աղօթքի բայեր։
Յայտնենք թէ Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ շաբաթ 23 փետրուարի առաւօտեան ու թէ այս շրջանի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի բոլոր գործունէութիւնները ընդհատուած կը նկատուին ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.