2013-02-16 14:26:46

Պահրէյնի Թագաւորը Եկեղեցիի Մը Կառուցումին Համար Հողամաս Մը Կը Նուիրէ Քրիստոնեայ Հասարակութեան։


Պահրէնի իշխան Համատ Պեն Իսա ալ Խալիֆա 9000 մեթր քառակուսի հողաշերտ մը նուիրած է քրիստոնեայ հասարակութեան, որպէսզի անոնք եկեղեցի մը կառուցեն, հաղորդած է գերապայծառ Գամիլլօ Պալլին` առաքելական դեսպանը հիւսիսային Արբաիոյ, որուն աթոռը Մանամա կը գտնուի։
Գերապայծառը ըսաւ որ սեփականութեան լուրը մեզի հասաւ 11 փետրուարին` Լուրտի Տիարմօր տօնին օրը։ Առ ի երախտագիտութիւն Տիրամօր միջնորդութեան, Եկեղեցին պիտի նուիրուի ''Տիրամայր Արաբիոյ''։ Ան կարող է բազմաթիւ հրաշքներ կատարել։
Նշենք որ Հիւսիսային Արաբիոյ կաթողիկէները մեծամասնութեամբ գործաւոր դասակարգի պատկանող գաղթականներ են, որոնց թիւը կը հասնի 1,5 միլիոնի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ, 350 հազար Քուէյթի մէջ, 350 հազար Քաթարի մէջ եւ 100 հազար Պահրէնի մէջ։ Անոնց մեծ մասը կու գայ Փիլիպպեան կղզեխումբէն, Պանկլատեշէն,Փաքիստանէն եւ Սիրիլանքայէն, նաեւ արաբական երկիրներէն՝ սուրիացի, լիբանանցի, պաղեստինցի, իրաքցի ու եգիպտացին գործաւորները։
Հաւաքի վայրերու պակասը պատճառ է որ հաւատացեալները մեծապէս տառապին առանձնութենէ, կ'ընդգծէ գերապայծառ Պալլին , աւելցնելով՝ միատեղ ժողովելու եւ աղօթելու վայրեր կը պակսին մեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.