2013-02-16 15:01:39

''Չիվիլդա Գաթոլիքա'' - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ս. Պետրոսի Աթոռէն Հրաժարումը Յոյժ Կարեւոր Որոշում Մըն Է Եկեղեցւոյ Կեանքին Համար։


Այսպէս կը վերնագրէ յիսուսեաններու ''Չիվիլդա Գաթոլիքա'' պարբերաթերթը իր խմբագրականին մէջ։
Սրբազան Քահանայապետի այս որոշումը պատմական է եւ կը համապատասխանէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոնագրքի 332-րդ կանոնի թիւ 2 յոդուածին։ Այդ որոշումը վաւերացումի կարիք չունի, սակայն լուրը ինքնին յանկարծաքի բերաւ ամէնքը, ինչպէս ընդծեց կարդինալ Սոտանօն Սրբազան Հօր ուղղած ողջոյնի իր խօսքին մէջ ''որոտում մը կապոյտ երկնակամարի տակ''։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը կարդինալ Պանիասքօ` Սրբազան Հօր որոշումը որակեց որպէս ''օրինակ ներքին խոր ազատութեան'' ու աւելցուց ''Սրբազան Հօր այս ժէստը ժամանակի կը կարօտի լաւապէս գնահատելու համար զայն''։
Սրբազան Քահանայապետը - կը գրէ ''Չիվիլդա Գաթոլիքան'' վստահաբար չհրաժարեցաւ յառաջացած տարիքի ֆիզիքական տկարութեան եւ յոգնութեան հետեւանքով, չի հրաժարեցաւ անձնական հոգէ-ֆիզիքական պատճառներու համար այլ եկեղեցւոյ առաքելութեան բարիքին համար։ Ան իր հրաժարականի թուղթին մէջ կը գրէ ''ս. Պետրոսի նաւը ղեկավարելու` առաջնորդելու եւ Աւետարանը քարոզելու համար էական է ունենալ թէ' մարմնի եւ թէ' հոգւոյ կորով''։
Հետեւաբար Պենետիկտոս ԺԶ իր աթոռէն կը հրաժարի ոչ թէ որովհետեւ ինքզինք տկար կը զգայ այլ որովհետեւ կը նկատէ թէ եկեղեցւոյ դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները կարիքը ունին թարմ ոյժի։ Սրբազան Քահանայապետի այս ժէստը նկատելու ենք խոնարհութեան ու ազատութեան ներգործութիւն մը։

Հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտին` Վատիկանի բանբերը, հաղորդավարներու հետ խօսելով ըսաւ որ Սրբազան Քահանայապետին այս որոշումը հիացում կը պատճառէ որովհետեւ կ'ենթադրէ քաջութիւն, հոգիի ազատութիւն, պատասխանատուութեան մեծ գիտակցութիւն եւ բաղձանք` որ ս. Պետրոսի առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարուի։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 8 փետրուարին, այցելութիւն կատարելով Հռոմի աւագ դպրեվանքին նորընծաներուն ըսած էր.''Եկեղեցին միշտ կը վերանորոգուի, միշտ կը ծնի։ Ապագան մերն է''։

Սրբազան քահանայապետի հրաժարականով յառաջիկայ 28 փետրուարէն սկսեալ Ս. Պետրոսի Աթոռը թափուր կը մնայ մինչեւ նոր Քահանայապետին ընտրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.