2013-02-16 12:56:23

Արամ Կաթողիկոս Կ՛անդրադառնայ Հայաստանի Նախագահի Ընտրութեան


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Ուրբաթ, Փետրուար 15ին յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Փետրուար 18ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները կ՛անցնին ժողովրդավարական սկզբունքներու ամբողջական կիրառումով եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Ան այս կարծիքը յայտնած է Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Կաթողիկոսն ու դեսպանը անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի մէջ բռնութիւններու զոհ դարձած հայերու յիշատակին նուիրուած ու Մարտ 3ին կայանալիք միջոցառման:









All the contents on this site are copyrighted ©.