2013-02-16 13:27:08

Աղօթք՝ Գերապատիւ Հ. Միքայէլ Քայյալի Ազատ Արձակումին Համար։


Գերապատիւ Հայր Միքայէլ վրդ. Քայյալ, Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքէն, յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ վարդապետ՝ Հայր Մահէր Մահֆուզի հետ, անցեալ շաբաթ ( 9 փետրուարին) առեւանգուեցաւ, Հալէպէն Դամասկոս տանող ճամբու վրայ։ Երկու վարդապետները փոխադրակառքով կը ճամբորդէին...
Մինչեւ այսօր, անոնց մասին կամ անոնց ազատ արձակուելուն մասին տեղեկութիւն չունինք։ Մաղթելով որ օր առաջ բարի լուր մը ունենանք, ու նաեւ այլեւս վերջ գտնեն երկրին մէջ տիրող այս պատերազմի վիճակը ու հաստատուի վերջնական խաղաղութիւնը, աղօթենք յոյսով ։
Առ այդ՝ Մոնրէալի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակնօրեայ Ս. պատարագին ընթացքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Գերյարգելի Հ Գէորգ Ծ Վրդ Զապարեան եւ հաւատացեալները, յատուկ կերպով պիտի աղօթեն այս դիտաւորութեան համար....
Երկու վարդապետներուն ազգականները, ծանօթներն ու բարեկամները, հրաւիրուած են աղօթելու՝ որպէսզի անոնք ողջ առողջ դառնան ու շարունակեն իրենց գործունէութիւնը ...








All the contents on this site are copyrighted ©.