2013-02-16 13:37:38

2013՝ Հայ Մօր Տարի


«Հայ Մայրը` Մեծագոյն Դաստիարակն Է Հայ Մարդուն»
Այսպէս պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Հանդիսապետելով` Տեառնընդառաջի Նախատօնակին։
Չորեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին նախօրեակին, Անթիլիասի մայրավանքը լեցուն էր, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ:
Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ` մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ տաճար ընծայումի խորհուրդին:
Վեհափառը ողջունելէ ետք՝ հոծ բազմութիւնը մայրավանքին մէջ, անդրադարձաւ աւետարանական դրուագին ՜՜Ընծայումի՝՝ աւանդութեան, ապա, ընդգծեց երկու գլխաւոր կէտեր. «1) Մօր դաստիարակիչ հոգածութիւնը իր զաւկին նկատմամբ:
Մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւնները յարգելով, մենք մեր զաւակները կը կրթենք մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով:
2) Մայրը մեծագոյն ու մնայուն դաստիարակն է իր զաւկին: Այսպէս եղաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը` միշտ մնալով իր զաւակին` Յիսուսի կողքին: Այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ հայ մայրը: Հայ մայրը իր զաւկին առաջին ու մնայուն դաստիարակն է: Դպրո՛ց է հայ մայրը, որուն միշտ պէտք է աշակերտի իր զաւակը: Այսօր կրկնապատկուած է հայ մօր դերը` իբրեւ դաստիարակիչ իր զաւակներուն ապականիչ եւ այլասերիչ հովերու ու փոթորիկներու դիմաց :
Արամ Ա. անդրադարձաւ նաեւ 2013-ը «Հայ մօր տարի» հռչակելու նպատակին, եւ շեշտեց Հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ` իբրեւ ապագայ սերունդներուն առաջին ու մնայուն դաստիարակիչը:
Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը մայրավանքի շրջափակին մէջ վառեց աւանդական խարոյկը: Ապա միաբան հայրերն ու դպրեվանեցիները հոգեւոր եւ ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ ժողովուրդը: Աւարտին, հազարաւոր հայորդիներ իրենց վառած մոմերը իբրեւ օրհնութիւն տարին իրենց տուները:








All the contents on this site are copyrighted ©.