2013-02-15 11:59:42

''Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի Յատուկ Վկայութիւն Մը''։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ, նախատեսուած յառաջիկայ Պապընտիր Ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Կարդինալ Գասբերը ու Կարդինալ Բոլէթթին, թէեւ մարտ ամսուայ մէջ անոնք կը լիացնեն իրենց 80 ամեակը։ Նշենք որ Պապընտիր փակեալ ժողովին կրնան մասնակցին 80 տարեկանը չլրացնող կարդինալները որոնք Քահանայապետը ընտրելու իրաւունք ունին։ Հայր Լոմպարտին յայտնած է նաեւ թէ Պապընտիր ժողովին թուականը յայտնի կ՛ըլլայ 28 փետրուարէն ետք։ Ան տեղի պիտի ունենայ ամէայն հաւանութեամբ յառաջիկայ 15 - 20 մարտի միջեւ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէնը հուսկ ակնարկած է Պենետիկտոս ԺԶ-ի Հռոմի կղերին ուղղած, 45 վայրկեան տեւող, անպատրաստից ճառին, զայն որակելով ''Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի յատուկ վկայութիւն մը''։

Թէ Սրբազան Հայրը ինչպէս պիտի կոչուի 28 փետրուարէն ետք հարցումին` Հայր Լոմպարտին պատասխանած է. ''Պիտի շարունակենք զայն կոչել Պենետիկտոս ԺԶրդ, անուն մը որ Ան կրեց քահանայապետութեան 8 տարիներու ընթացքին համայն եկեղեցւոյ համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.