2013-02-15 13:07:13

Ռայի Պատրիարքին Դէմ Ծաղրանկարները Խստիւ Դատապարտելի Են» Շեշտեց Մազլում Եպիսկոպոս


Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ սէուտական օրաթերթի մը կողմէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ հրապարակուած ծաղրանկարները խստիւ դատապարտելի են` աւելցնելով, որ այդ արարքը կը նկատուի հոգեւոր պետերուն նկատմամբ անարգանք եւ մտքի ազատութեան շահագործում:
Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ այս արարքով կ՛անարգուի նաեւ մարոնի եկեղեցին:
«Մտքի ազատութիւնը եւս չափ ու սահման ունի, որոնք պէտք չէ շրջանցուին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Պքերքէի կողմէ որեւէ հակազդեցութեան բացակայութեան` Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ «հակազդեցութիւն պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք պէտք է յարգեն եւ ապա ուրիշները: Մենք նոյնիսկ յարմար չենք տեսներ այդ արարքին դէմ դատական հարց յարուցել եւ կը հաւատանք, որ զայն պէտք է դիտենք իր չափին մէջ», ընդգծեց Մազլում եպիսկոպոսը







All the contents on this site are copyrighted ©.