2013-02-15 12:29:00

Հաւատքի Տարուան Առթիւ Հանդիսաւոր Ս. Արարողութիւն Գահիրէի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Գահիրէի հայ կաթողիկէ «Յիսուս Մանուկի Սուրբ Թերեզա» եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ, 16 փետրուարի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր սուրբ արարողութիւն Հաւատքի Տարուան առթիւ, մասնակցութեամբ տեղական քրիստոնեայ համայնքապետերու, առաքելական հասարակութիւններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Այս առթիւ, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա պիտի փոխանցէ օրուան պատգամը եւ բոլորին պիտի բաժնուի գերապայծառ տիրոջ «Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը» տիտղոսով հովուական նամակը, Հաւատքի Տարուան առթիւ, զոր հռչակեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, 11 հոկտեմբեր 2012-ին։
Պատգամին մէջ, արհիապատիւ Գուսա կը յայտնէ թէ «Հաւատքը, յուսացուած բարիքներուն գրաւականն է եւ անտեսանելի իրականութիւններուն ապացոյցը» (Եփր 11, 1)։ Ապա կ'անդրադառնայ Հաւատքի Տարուան հռչակումի պատճառներուն եւ հիմնական նպատակին։ Ան կը նշէ, որ այս տարուան նպատակն է վերագտնել Հաւատքի ուղին, Քրիստոսի հետ հանդիպելու եւ խորանալու քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Ան նաեւ կը յայտնէ թէ հաւատքը իմաստ կու տայ իւրաքանչիւրի կեանքին, առիթ կ'ընծայէ հանդիպելու Քրիստոսի հետ եւ երկխօսութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ եւ այլ մարդոց հետ։ Վերջապէս, գերապայծառ Գուսա կը նշէ թէ հաւատքը դուռը կը բանայ դէպի Աստուած, դէպի առաջ երթալու եւ յոյսին հասնելու։ Հաւատքը սուրբ Հոգւոյն պարգեւն է ամէն անհատի, որ կ'ընդունի Քրիստոս փրկչին խորհուրդը եւ կ'ընդառաջէ անոր կոչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.