2013-02-15 11:04:22

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
Փրկչին մահը եւ մեր փրկութիւնը


Նախորդ սփռումին մէջ խօսեցանք Յիսուսի չարչարանքներուն մասին: Այժմ պիտի խօսինք այն առաւելութիւններուն եւ բարիքներուն մասին, զորս ժառանգեցինք մեր Փրկչին չարչարանքներէն եւ անտարակոյս իր մահէն:
Նախ եւ առաջ իր չարչարանքներով, Յիսուս Քրիստոս մեզ ազատած է մեղքէն: Մեզ սիրեց, կ՛ըսէ Ս. Յովհաննէս, եւ իր արիւնով մեզ մաքրեց մեր մեղքերէն (Յայտնութիւն 1, 5): Եւ նաեւ, ինչպէս կ՛ըսէ առաքեալը մեզ վերակենդանացուց իրեն հետ, ներելով մեր մեղքերը, ջնջելով մեր դատապարտութեան մահավճիռը, զայն եղծանելով եւ խաչին վրայ գամելով:
Ապա, մեզ ազատեց սատանայի գերութենէն: Ահաւասիկ հիմա տեղի կ՛ունենայ աշխարհի դատաստանը, կ՛ըսէ նոյնինքն Փրկիչը, եւ այս աշխարհիս իշխանը պիտի վտարուի, եւ ես, երբ բարձրանամ երկրէն, բոլոր մարդկը ինծի պիտի քաշեմ (Յովհաննէս 12, 31-32):
Ասկէ զատ Յիսուս քաւեց պատիժը, զոր պէտք էինք կրել մեր մեղքերուն համար:
Ապա, Աստուծոյ ընծայելով ամենէն արժանաւոր եւ հաճելի Զոհը, մեզ հաշտեցուց իր Հօր հետ (Բ Կոր. 5, 18), Զինքը ողոքեց եւ մեզի հանդէպ լաւ տրամադրեց:
Վերջապէս, ջնջելով մեր մեղքերը, բացաւ երկինքի դուռը, որ փակուած էր մարդոց մեղքէն: Այս էր զոր կը նշէր առաքեալը հետեւեալ խօսքերով. Վստահ ենք որ պիտի մտնենք Սրբութիւն Սրբոցի մէջ, Յիսուսի Քրիստոսի արեան շնորհիւ (Եբր. 10, 19): Եւ Հին Կտակարանին մէջ չէին պակսեր նշանակներ եւ պատկերներ, որոնք նոյն ճշմարտութիւնը կ՛արտայայտէին. այսպէս՝ քաղաքացիները որոնք նոյն ճշմարտութիւնը կ՛արտայայտէին. այսպէս՝ քաղաքացիները՝ որոնք քահանայապետին մահէն առաջ իրենց երկիրը չէին կրնար վերադառնալ, պատկերն էին Արդարներուն, որոնց արգիլուած էր Երկնային Հայրենիքին մուտքը, հակառակ իրենց սրբութեան, մինչեւ մահը գերագոյն եւ Յաւիտենական Քահանայապետին, Յիսուսի Քրիստոսի: Բայց, այն ատենէն ի վեր որ Քրիստոս մահուան ենթարկուեցաւ, երկնքի դռները բացուեցան բոլոր անոնց առջեւ, որոնք մաքրուած՝ Խորհուրդներով, եւ ճոխացած՝ Հաւատքով, Յոյսով եւ Սիրով, կը դառնան Յիսուսի Չարչարանքներուն բաժնեկիցները:
Հետեւաբար, բոլոր առաւելութիւննըր եւ բարիքները կեանքին կը բխին մեր Տիրոջ չարչարանքներէն: Նախ եւ առաջ, որովհետեւ իր մահը եղաւ լիառատ եւ կատարեալ հատուցում մը, որ իրեն տուաւ սքանչելի միջոցը հատուցանելու Աստուծոյ մեր մեղքերու փոխարէն: Այս գինը, զոր վճառեց, ոչ միայն հաւասար է մեր պարտքին, այլ անկէ անհունօրէն բարձր է: Երկրորդ, որովհետեւ Խաչի զոհը անհունօրէն հաճելի է Աստուծոյ: Հազիւ թէ Յիսուս Քրիստոս զայն մատոյց, Հօր բարկութիւնը եւ ցասումը բոլորովին իջաւ: Այս պատճառաւ, առաքեալը մեզի դիտել կու տայ թէ Փրկչին մահը իսկական Զոհ մը եղաւ. Յիսուս Քրիստոս մեզ սիրեց, կ՛ըսէ, եւ իր անձը զոհեց մեզի համար, ինքզինքը նուիրելով Աստուծոյ իբրեւ հաճելի Զոհ եւ Պատարագ (Եփես. 5, 2): Երրորդ եւ վերջապէս, որովհետեւ չարչարանքները մեզի համար եղան այն Փրկչագործութիւնը, որուն մասին կը խօսի Ս. Պետրոս, երբ կ՛ըսէ. «Ձեր հօրենական կեանքին ունայնութենէն ազատուած էք՝ ոչ թէ Կորնչական ոսկիով եւ արծաթով, այլ Սուրբ եւ Անարատ Գառնուկին՝ Յիսուսի Քրիստոսի թանկագին արիւնով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.