2013-02-15 12:26:48

՜՜Հայաստան՝՝ Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի Հանդիպումը Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ։


Յանձնելու Սուրիահայութեան Օժանդակութեան 100.000 Տոլարը
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը 14 փետրուարի առաւօտեան, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` յանձնելու սուրիահայութեան ի նպաստ հանգանակուած գումարին չեքը:
Արդարեւ 7 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ռատիոթոնի ընթացքին հանգանակուած է 100.000 ամերիկեան տոլար, որը որոշուած էր յատկացնել սուրիահայութեան, ուստի այդ գումարին չէքը փոխանցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սուրիահայութեան օժանդակութեան յատուկ դրամատնային հաշիւին:
Վեհափառ հայրապետը մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին նախաձեռնած դրամահաւաքին ճամբով սուրիահայ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն նուիրաբերած այս գումարը` յոյս յայտնելով, որ լիբանանահայութեան այս քայլը, օրինակ կը ծառայէ բոլորին` նուիրական նոյն ոգիով օժանդակութեան ձեռք երկարելու տագնապահար սուրիահայութեան:
Այս առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.