Օպամա Քոնկրեսին Առջեւ Արտասանեց Տարեկան Աւանդութիւն Եղող «Երկրի Վիճակը» Ճառը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ արտասանեց տարեկան աւանդութիւն
եղող «Երկրի վիճակը» ճառը: Նախագահ վերընտրուելէ ետք Քոնկրեսին առջեւ ունեցած իր առաջին
ելոյթին առանցքային նիւթերն էին տնտեսութեան աճի եւ աշխատատեղիներու ստեղծման հարցերը:
Խօսելով ընկերային ծրագիրներու ֆինանսաւորման անհրաժեշտութեան մասին` Օպամա պահանջեց,
որ Քոնկրեսը հաստատէ նախապէս առաջարկուած զէնքի շրջանառութեան վերահսկման խիստ միջոցառումներու
թղթածրարը: Խօսելով արտաքին քաղաքականութեան մասին` Օպամա յայտարարեց, որ ամերիկեան
ուժերը մինչեւ 2014 դուրս պիտի բերուին Աֆղանիստանէն` նշելով, որ այս տարի Աֆղանիստան
գտնուող 65 հազար ամերիկացի զինուորներէն 34 հազարը պիտի հեռանան Աֆղանիստանէն: Ան նաեւ
յայտնեց, որ Աֆղանիստանի պատերազմը պիտի աւարտի եւ հիւլէական զինանոցի կրճատման վերաբերեալ
Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի
շարունակեն պայքարիլ Հիւլէական զէնքի տարածման դէմ: Այս առումով ան անդրադարձաւ Հիւսիսային
Քորէայի հիւլէական վերջին փորձին` խոստանալով, որ Ուաշինկթըն ատոր շատ կարծր պատասխան
պիտի տայ: Ան յայտարարեց, որ «Քայիտայի գոյութեան վերջ պիտի տանք»: Միացեալ Նահանգներու
նախագահը ըսաւ, որ «պիտի աջակցինք ապահովութեան հաստատման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու
Լիպիոյ, Սոմալիի եւ Եմէնի ջանքերուն»: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար մեր օգտագործելիք
միջոցները յաչս ամերիկացիներուն եւ աշխարհին աւելի թափանցիկ եւ օրինական պիտի ըլլան»,
ըսաւ ան: Խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին` Օպամա յայտարարեց, որ «ճնշում պիտի բանեցնենք
Սուրիոյ վարչակարգին վրայ, որ հազարաւոր քաղաքացիներ սպաննեց, եւ սուրիական ընդդիմութեան
ղեկավարութեան անհրաժեշտ աջակցութիւնը պիտի տրամադրենք»: Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի տագնապին
ան ըսաւ, որ «պիտի աջակցինք քաղաքացիներուն, որոնք ժողովրդավարութիւնը պաշտպանել կը պահանջեն:
Չենք կրնար Եգիպտոսի նման երկրի մը ընթացքը ճշդել յաւակնիլ»: Ան նաեւ նշեց, որ «Եւրոպական
Միութեան հետ պիտի սկսինք համապարփակ եւ արդար ներդրումներ կատարել»: