2013-02-14 14:10:15

Սուրիոյ Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւնները Թիրախ՝ Չարագործներուն Եւ Ահափեկիչներուն.


Արեւանգումներ, բռնաբարութիւններ եւ արտահաններու վաճառք։
Սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները դարձած են դիւրին թիրախ մը չարագործերու եւ ահափեկիչներու, որոնց համար արեւանգումը, բռնաբարութիւնն ու բռնութիւնը միջոցառում դարձած են հարստանալու, կը հաղորդագրէ անգլիական մարդու իրաւունքներու պաշտպան լրատու գործակալութիւնը։
Փախստականները կը ներկայացնեն ծաղկուն շուկայ մը։ Փախստականներու մեծ մասը կ'ուզէ հեռանալ Միջին Արեւելքէն եւ արեւմտեան երկիրներ հաստատուիլ ։ Այդ իրականացնելու համար, փախստականները յաճախ կը դիմեն մարդավաճառ խումբերու։ Ներկայիս Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի ՜՜մարդոց, յատկապէս՝ փախստականներու՝՝ վաճառք մը։Լիբանանի մէջ սկսած է գործել սուտ անցագրերու ու դոշմաթուղթերու մաֆիա մը։ Արեւանգուած երկու քահանաներու իրավիճակը` հայ կաթողիկէ Միքայէլ Քայալ եւ յոյն օրթոտոքս Մահէր Մահֆուզ, տակաւին անյայտ են։ Անոնք արեւանգուած են ընդդիմադիր մահմետական ծայրայեղ բանակէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.