2013-02-14 14:06:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ունկնդրութիւն Շնորհեց Հռոմի Կղերին։


Հինգշաբթի 14 Փետրուարի առաւօտեան (ժամը 11,30-ին) Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Թեմի ժողովրդապետներուն ու կղերին ու անոնց ընկերացող Թեմի եպիսկոպոսներուն։
Նախքան Սրբազան Հօր հետ հանդիպումը, Հռոմի Թեմի կղերը, Հռոմի տեղապահ արքեպիկսոպոս` Կարդինալ Ակոսդինօ Վալլինիի գլխաւորութեամբ` հակիրճ այցելութիւն մը կատարեցին Սուրբ Պետրոսի Դամբանին միասնաբար Հաւատամքը աղօթելու համար։
Անոնք ապա ուղղուեցան Պօղոս Զ-ի Սրահ, ուր նախատեսուած էր հանդիպում` Սրբազան Հօր հետ ։
Ունկնդրութեան սկիզբը, խօսք առաւ Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` կարդինալ Վալլինին որ յանուն Հռոմի կղերին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Սրբազան Հօր։ Հուսկ խօսք առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը որ ներկաներուն փոխանցեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի 1962 - 1965 իր անձնական փորձառութիւնը, որպէս երիտասարդ մասնագէտ, եւ Գերմանիոյ Գոլոնիայի Արքեպիսկոպոս Ժոզէֆ ֆրինկսի օգնական։
Սրբազան Հայրը երկարաշունջ իր միջամտութիւնը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Հռոմի Կղերի անդամներուն անոնց ցուցաբերած սիրոյն հանդէպ եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին Ան ապա ըսաւ ''հրաժարելով հանդերձ, աղօթքով մօտիկ եմ ձեզի բոլորիդ եւ վստահ եմ որ դուք եւս մօտ էք ինծի, նոյնիսկ եթէ թաքուն կը մնամ աշխարհին''

Նշենք որ այսօրուայ հանդիպումը` նկատուած է Սրբազան Հօր Հռոմի կղերին հետ վերջին հանդիպումը, որպէս Քահանայապետ։ Արդարեւ անցեալ երկուշաբթի 11 փետրուարին իր ներկայացուցած պատմական հրաժարականով Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ 28 փետրուարի ժամը 20-էն սկսեալ, (7 տարի 10 ամիս եւ ինը օր կառավարելէ ետք Տիեզերական Եկեղեցին) կը դադրի Քահանայապետ ըլլալէ եւ կը քաշուի աղօթքի եւ հայեցողական կեանքի, շարունակելով իր աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.