2013-02-13 15:13:34

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի


Մեր 12-րդ դարու մատենագրութեան գագաթնակէտն է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, իր բացառիկ անձնաւորութեամբ, գրական, հոգեւոր, միութենական եւ ամէն մարզերուն մէջ։ Ան կրտսեր եղբայրն էր Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոսին, եւ անոր աջակիցը, կաթողիկոսութեան գործերուն մէջ, ի վերջոյ անոր յաջորդը կաթողիկոսական Աթոռին վրայ։ Ներսէս` հայերուս համար կը նկատուի իսկապէս որպէս երկրորդ Լուսաւորիչ մը։
Որդին էր Ապիրատ Պահլաւունիի, որ թոռն էր Գրիգոր Մագիստրոսի. Ծնած է Ծովք դղեակին մէջ, որ հօրենական ստացուածք մըն էր, 1102-ին. Իր ուսումը առած է Սեաւ լերան վրայի Կարմիր Վանքին մէջ, առաջնորդութեամբ Ստեփանոս Գիտնականին։ 18 տարեկանին, իր եղբօր ձեռամբ, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն էր, կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը ստանձնէ վարդապետական աստիճան։ Չկարենալով ճամբորդել լեզուներու ուսմանց համար, կը ստիպուի մնալ Կիլիկիա եւ հոն կը զարգանայ սրբութեան ու գիտութեան մէջ, արտադրելով բազմաթիւ երկեր, հոգեւոր եւ բանաստեղծական։
Կաթողիկոսական աթոռը Հռոմկլայ փոխադրելէ ետք` Գրիգոր Պահլաւունի, իր եղբայրը, զինք կ՛օծէ եպիսկոպոս, 1139-ին. Ներսէս կը մնայ մշտական խորհրդատուն եւ աթոռակիցը իր եղբօր։ 1166-ին, Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսի մահուընէ ետք` ինք կը ժառանգէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսական աթոռը եւ մեծ ուշիմութեամբ ու սրբութեամբ կը ղեկավարէ իրեն յանձնուած հօտը, մինչեւ իր մահը, որ տեղի կ՛ունենայ Հռոմկլայի մէջ, 1173-ին։ Իր կենդանութեան` Բիւզանդիոնի Մանուէլ Կայսրը բանակցութիւններ բացաւ հայ եկեղեցւոյ հետ, իր Ալեքսիանոս փեսան ղրկելով Ներսէսի մօտ։ Շատ շինիչ եւ խոստումնալից կերպով վարեց Ներսէս սոյն բանակցութիւնները, որոնք սակայն ընդհատուեցան իր մահուամբը։
Շնորհալիի գործերէն նշանաւոր են իր տաղերն ու շարականները, որոնցմով ան ճոխացուցած է հայ շարակնոցը. Յիշենք ամէնէն ժողովրդականները. Առաւօտ Լուսոյ, Աշխարհ ամենայն, Նորոգող տիեզերաց, Նայեա սիրով, Նորաստեղծեալ։ Գրեթէ մեր բոլոր այբենական կարգով եղած շարականները, ինչպէս նաեւ Նու գիրով սկսողները, Ներսէսի կը վերաբերին, որով ան ձեւով մը կը ստորագրէր իր շարականները, անոնց տուներուն առաջին գիրերը իր անուան գիրերով սկսելով։
Կարելի է նշել մասնաւորապէս իր Յիսուս Որդի բանաստեղծական գրութիւնը, որ հին եւ նոր կտակարանի համառօտ մէկ պատմութիւնն է։ Ան շարադրուած է ընդհանրապէս զղջման աղօթքի ու մաղթանքի ձեւով։ Գրած է նաեւ Բան հաւատոյ , որը քրիստոնէականի ուսուցում մըն է։ Ունի քերթուած մը կոչուած Յաղագս երկնից եւ զարդուց նոցա, գրուած Մխիթար Հերացիի խնդրանքով։
Ներսէս գրած է նաեւ համառօտ Հայոց պատմութիւն մը, Վիպասանութիւն անունով, երիտասարդութեան շրջանին, միշտ տաղաչափուած գրութիւն մը։ Ունի նաեւ շատ մը ուրիշ քերթուածներ գրուած զանազան առիթներով։ Յօրինած է նաեւ Եդեսիոյ ողբը, անոր բնակիչներու ջարդին առթիւ արաբ Զանկի ամիրային կողմէ, 1144 թուին։ Իր աղօթքի լաւագոյն ու զօրեղ արտայայտութիւնը կը մնայ սակայն Հաւատով Խոստովանիմ-ը, 24 տուներով շարադրուած այս աղօթքը, օրուան 24 ժամերուն համար, եւ որ հայ ժողովուրդի բոլոր ուսեալ եւ ոչ ուսեալ անհատները իրենց շուրթերուն վրայ կը մրմնջեն։ Այս աղօթքով` Շնորհալի գերազանցած է ինքզինք։ Կրնանք իսկապէս հպարտանալ այսպիսի հանճարեղ եւ սուրբ հայրապետ մը ունեցած ըլլալնուս համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.