2013-02-12 13:26:48

Վալերի Պուայէ Ֆրանսայի Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը Ներկայացուցած ։


Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր նախագիծ մը, որուն հեղինակը դարձեալ Պուշ տը Ռոն շրջանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Տիկին Վալերի Պուայէն է: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթին յայտնած է հայազգի փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան:
Նախագիծը հիմնուած է Եւրոպայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած «Ցեղասպանութեան եւ զինուորական յանցագործութիւններու ժխտման քրէականացում» նախատեսող յօդուածին հիման վրայ: Նոր նախագիծով կը նախատեսուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողը երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտել կամ 45 հազար եւրօ դրամական տուգանքի ենթարկել:
Պուայէի եւ Գրիգորեանի միասնաբար հեղինակած Ցեղասպանութեան քրէականացման մասին նախորդ օրինագիծը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած էր, սակայն Սահմանադրական խորհուրդը զայն հակասահմանադրական ճանչցած էր:

Նախորդ օրինագիծը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար մէկ տարուան բանտարկութիւն կամ 40 հազար եւրոյի տուգանք կը նախատեսէր:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւս բազմաթիւ անգամներ խոստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրէնք ներկայացնել: Ան իր այդ խոստումը վերահաստատած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` նախորդ տարուան աշնան Փարիզ կատարած այցելութեան ժամանակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.