2013-02-12 16:02:58

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Մամլոյ Ասուլիսը ''Նորին Սրբութիւնը Չէ Հրաժարած Հիւանդութեան Պատճառաւ։''


Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, երեքշաբթի 12 փետրուարի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին յայտարարած է թէ ''Սրբազան Հայրը հանգիստ ու շատ խաղաղ է, առողջապահական պատճառներ չեն որ զինք մղած են հրաժարականը ներկայացնելու այլ միայն ծերութեան դիւրաբեկ կացութիւնը''։
Վատիկանի բանբերը ապա յայտնած է թէ Սրբազան Քահանայապետին նախատեսուած յառաջիկայ բոլոր գործունէութիւնները, մինչեւ 28 փետրուար, հաստատուած կը մնան ներառեալ 27 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Թէեւ - ըսած է Հայր Լոմպարտին- Սրբազան Քահանայապետի ''Հաւատքի'' մասին շրջաբերական թուղթը լոյս պիտի չտեսնէ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի տնօրէնը հուսկ հրաւէր յղած է ''ուշադրութեամբ հետեւելու Սրբազան Քահանայապետին վերջին օրերու պատգամներուն, սկսեալ վաղուայ (13/2) չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութենէն։ Ան ապա վերահաստատած է Վատիկանի օրաթերթ` Օսսեվաթորէ Րոմանոյի յայտարարութիւնը, ըստ որուն Նորին Սրբութիւնը հրաժարականի մասին սկսած է մտածել Մէքսիքօ եւ Գուպա կատարած երկար եւ սպառիչ առաքելական ճամբոդորդութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.