2013-02-12 13:24:08

Թուրքիա-Սուրիա Սահմանին Վրայ Պայթում. Առնուազն 13 Զոհեր ։Երեք Թուրք եւ 10 Սուրիացիներ։


Փետրուար 11ին, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով առնուազն 11 զոհեր արձանագրուած են: Ըստ թուրք պաշտօնատարի մը՝ զոհերուն մէջ կան երեք թուրքեր եւ 10 սուրիացիներ: Վիրաւորուած են մօտաւորապէս 50 ուրիշներ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ, եւ սուրիացի ժողովուրդին առիթ պիտի ընծայուի ինքն իր ճակատագիրը որոշելու, իսկ մենք՝ Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին հետ, պիտի շարունակենք ջանք թափել՝ կացութիւնը բարելաւելու համար»:
Օպամայի համաձայն՝ Սուրիոյ վարչակարգը կը շարունակէ տկարանալ եւ իր հողերուն վրայ վերահսկողութիւնը կորսնցնել, որուն դիմաց՝ սուրիական ընդդիմութիւնը կը զօրանայ:
Նշենք, որ վերջերս թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն յառաջացած էր, երբ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Ռիչչարտոնէ քննադատած էր Թուրքիոյ արդարադատութեան մարզը եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները:

Միւս կողմէ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըտքատ յայտարարեց, որ «սուրիական տագնապը վերջ պիտի գտնէ առանց նախապայմաններու, երկխօսութեան եւ ազգային հաշտութեան ճամբով»: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է նաեւ զինեալ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան, եթէ վերջինս իր զէնքերը վար դնէ:
ՍուրիոյԿառավարութիւնը ցարդ կը մերժէր «ահաբեկիչներու» հետ բանակցիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.