2013-02-12 13:58:55

Գոհաբանական Երեկոյ Արհի. Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեանի Լիբանանէն Մեկնումին Առթիւ։


Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեան, որ անուանուեցաւ ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ, Լիբանանէն իր մեկնումէն առաջ, Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայաշատ թաղամասի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 16 Փետրուարին գոհաբանական երեկոյ մը նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս սպատրիարքին։ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ նոյնինքն արհի. Յովհաննէս եպ Թէյրուզեանը։ Յաւարտ Ս Պատարագին ՀԿՄ-ի՝ Հայ Կաթողիկէ Միութեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն մը, առիթ տալով հաւատացեալներուն եւ առաջնորդին բարեկամներուն, զինք շնորհաւորելու եւ բարեմաղթութիւններ յայտնելու իր նոր պաշտօնին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.