2013-02-11 14:31:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ''Ճշմարտութեան Աշխատակից''ը


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այն պարագային որ Սրբազան Քահանայապետ Մը հրաժարի իր պաշտօնէն, վաւերականութեան համար հարկ է որ այդ հրաժարականը ներկայացուի ազատ կամքով եւ կանոնաւորապէս յայտարարուի, հրաժարականը ոչ մէկէն վաւերացուելու է'': Եկեղեցական կանոնագիրքի 332րդ կանոնի այս 2րդ հատուածի համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 11 փետրուարին, կարդինալական խորհրդաժողովի ընթացքին, անակնկալ օրէն ներկայացուց իր հրաժարականը զարմանքի ու անակնկալի մատնելով կառավարութիւններ, Վատիկանի հարցերու դէտեր եւ իր իսկ ամէնէն մտերիմ գործակիցները։

Պենետիկտոս ԺԶրդ յաջորդելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Պետրոսի գահը բարձրացաւ կարդինալներու դասի կամքով` 19 ապրիլ 2005-ին եւ գրեթէ 8 տարիներ ամբողջ մեծ քաջութեամբ ու նուիրումով  կառավարեց Տիեզերական եկեղեցին` դիմագրաւելով եկեղեցւոյ կեանքին հայող ծանր հարցեր, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններ ու մարտահրաւէրներ։

Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի այս որոշումը աննախադէպ նկատուած է, տրուած ըլլալով որ քահանայապետի մը հրաժարականի վերջին դէպքը տեղի ունեցած էր 1415-ին Կրէկուար ԺԲ քահանայապետի հրաժարականով։

Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ, նոր Քահանայապետի ընտրական ժողովը, տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Զատկուայ տօներէն առաջ։ Հայր Լոմպարտին մամուլի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծած է նաեւ թէ ''Պենետիկտոս ԺԶ-ի այս որոշումը «մեծ քաջութեան» եւ «վճռականութեան» ցուցանիշ է եւ թէ Սրբազան Հայրը հրաժարականը ներկայացուցած է ոչ թէ առողջական պատճառներու համար այլ միայն յառաջացած տարիքի հետեւանքով, ուժերու ու կորովի պակասը, եւ Սրբազան Քահանայապետի յայտարարութեամբ, ''կենսունակութեան նուազեցումն'' է որ զինք մղած է առնելու այս քայլը ''եկեղեցւոյ բարիքին համար''։

Նորին Սրբութիւնը մարտ 1էն սկսեալ կը փոխադրուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց ու ապա, քահանայապետական ընտրութիւններէ ետք կը վերադառնայ Վատիկան, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Վատիկանի Փակեալ կրօնաւորուհիներու միաբանութեան շէնքին մօտ։

Անցեալ տարի` 2012-ի 15 ապրիլին, իր ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առթիւ, Պետնետիկտոս ԺԶ իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն,   ըսած էր. ''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ  աղօթէք, որպէսզի Տէրը ինծի  բաւարար ոյժ  պարգեւէ, կատարելու համար ինծի յանձնած պաշտօնը''։  

 ''Աշխարհի լոյսը'' ասուլիս-գիրքին մէջ , որ լոյս տեսած էր 2010-ի նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ կը հաստատէր, որ Քահանայապետ մը ''իրաւունք'' ունի, եւ որոշ պարագաներուն  մէջ ալ ''պարտականութիւնն'' ունի հրաժարելու։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախքան հրաժարիլը, արդէն ամէն բան նախատեսած ու դասաւորած է, եւ կարելի չափով իր պարտականութիւնը կատարած։ Ան համոզուած է որ իր այնքան սիրած Եկեղեցին, կարիքն ունի աւելի կայտառ քահանայապետի մը, ընդառաջելու՝ ամբոխին եւ յառաջանալու Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի ընդգծած ուղիին վրայ։

Նշենք որ Իր քահանայապետութեան տարիներուն,  ան  կատարեց միջազգային 24 առաքելական ճամբորդութիւններ` որոնց մէջ  Ս. Երկիրը եւ Գուպան։ Հրապարակեց երեք  շրջաբերական թուղթեր եւ աստուածաբանական երեք հատորներ Յիսուս Նազովրեցիի մասին, առանց մոռնալու գումարած 5 եպիսկոպոսական սիւնհոդոսները` Վատիկանի մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գերազանց պայծառութեամբ կատարեց Քահանայապետի իր առաքելութիւնը։ Ան,  որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած ''ճշմարտութեան աշխատակից'' կարգախօսը զինք ուղղեց ճանչնալու թէ ժամանակը հնչեց հանգչելու եւ Ս. Պետրոսի նաւին ղեկը ուրիշին յանձնելու եւ վերադառնալու իրեն շատ սիրելի զբաղումին`  գրել,   աստուածաբանական փնտռտուք ու  հետազօտութիւն կատարել եւ աղօթել։








All the contents on this site are copyrighted ©.