2013-02-09 12:16:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Այցելութիւնը Հռոմի Աւագ Նորընծայարան։


Վստահութեան Տիրամօր տօնին առթիւ։ այս առթիւ սովորութիւն ունի այցելութիւն կատարելու քահանայութեան պատրաստուող թեկնածուներուն։
իր արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելու համար, եւ միասին կատարելու՝ երեկոյեան ժամասացութիւնը ։ Մեկնաբանելով Պետրոս առաքեալի ընդահնուր թուղթը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Պետրոս առաքեալը իր այս գրութեան մէջ կը խօսի որպէս Քրիստոսի յաջորդը: Ան Քրիստոսը ճանչցաւ որպէս Մեսիան, որպէս ողջ Աստուծոյ Որդին։ Պետրոս` Քրիստոսէն ընդունեցաւ Արքայութեան բանալին. անոր յանձնուեցաւ պարտականութիւնը հովուելու Աստուծոյ ժողովուրդը ու համայն մարդկութեան ցոյց տալու` Աստուծոյ անհուն սէրը։ Ան դարձաւ Եկեղեցւոյ պատասխանատուն։ Պետրոս առաքեալի ընդհանրական թուղթը, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կարելի է նկատել որպէս առաջին շրջաբերական թուղթ, ուղղուած՝ աշխարհի հաւատացեալներուն։ Աղօթենք Տիրոջ որպէսզի մեզ բուժէ մեր մեղքերէն եւ թոյլ չտայ Իրմէ հեռանալու։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը` Վստահութեան Տիրամայրը, իր մայրական ձեռքերով պահպանէ մեզ ճշմարիտ կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.