2013-02-09 12:15:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ունկնդրութիւն Շնորհեց Լացիոյի Եպիսկոպոսներուն եւ Մալթայի Կարգին Անդանմներուն։


Շաբաթ 9 փետրուարի առաւօտեան (ժամը 11-ին) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ Լացիօ Մարզի ինը եպիսկոպոսները, ու Մոնթէգասսինօ աբբայարանի Աբբահայրը, Ս. Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ։
Նորին սրբութիւնը ապա յետ միջօրէին հանդիպում ունեցաւ եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէի հետ իսկ կէսօրին՝ Վատիկանի ՜՜Սուրբ Պետրոս՝՝ պազիլիքայի մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի ասպետական կարգի 4000 անդամներուն սոյն ասպետական կարգի հիմնարկութեան 9րդ դարադարձին առթիւ։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ուղղած խօսքերուն։ Ան ապա մատնանշեց թէ այս յոբելեանը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ Հաւատոյ Տարուայ շրջագիծէն ներս, որուն ընթացքին Եկեղեցին կանչուած է նորոգելու ուրախութիւնն ու յանձնառումը հաւատալու Յիսուս Քրիստոսին աշխարհի միակ Փրկչին։
Այս ուղղութեամբ - ըսաւ Քահանաղապետը - դուք եւս կանչուած էք ընդունելու շնորհքի այս շրջանը աւելի մօտէն ճանչնալու Տէրը եւ ցոլացնելու ճշմարտութիւնը ու հաւատքի գեղեցկութիւնը ձեր կեանքի ու ծառայութիւններու վկայութեամբ։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Մալթայի Կարգի ուղեւորութեան զանազան հանգրուաններուն ու անոր հաւատարմութեան Եկեղեցւոյ ու Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Յորդորեց զանոնք վեհանձնութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը ի սպաս հիւանդներուն ու կարիքաւորներուն հանդիսանալով ''աւետարանի սիրոյ ողջ վկայութիւն մը''։
Սիրելի բարեկամներ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., շարունակեցէք գործել ընկերութեան ու աշխարհին մէջ աւետարանին մէջ նշուած ուղեգիծով ''հաւատք ու սէր վերակենդանացնելու համար յոյսը''։ ''Վահան հաւատքի եւ ծառայութիւն աղքատներուն'' ձեր բնաբանին մէջ կ՛եզրափակուի ձեր կարգին խարիզմը, որ չի ձգտիր ազդեցութիւն ու իշխանութիւն բանեցնելու այլ ազատօրէն իր առաքելութիւնը կատարելու ամբողջական մարդու բարիքին ի խնդիր, հոգի եւ մարմին, նայելով ըլլայ անհատին ըլլայ հասարակութեան ու մասնաւոր կերպով անոնց որոնք սիրոյ եւ յոյսին կարիքն ունին։
Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով ''Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը իր մայրական հովանիով ձեզ պահպանէ ու ձեր երկնային պաշտպան սուրբը՝ Յովհաննէս Մկրտիչը ու ձեր Կարգի երանելիներն ու սուրբերը ձեզ առաջնորդեն ու բարեխօսեն ձեզի համար։ Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս, ձեզի ու ձեր ընտանեկան պարագաներուն կը ջամբեմ առաքելական յատուկ օրհնութիւնս։







All the contents on this site are copyrighted ©.