2013-02-09 12:20:42

Մալթայի Ասպետական Կարգը Կը Տօնախմբէ Իր Հիմնարկութեան 9-րդ Դարադարձը Վատիկանի Մէջ։


Մալթայի Ասպետական Կարգի աւելի քան 4000 անդամներ ու կամաւորներներ, 9 փետրուարին հանդիպում ունեցան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ, իրենց հիմնարկութեան 900-րդ տարեդարձին առիթով։
1113-ին՝ Բասգուալէ Բ. Քահանայապետը (1099-1118) պաշտօնապէս կը ստորագրէր կոնդակը՝ որով կը կատարուէր Մալթայի կրօնական, ասպնջական եւ կաթողիկէ ասպետական կարգի ստեղծումը։
Մալթայի կարգի հիմնարկութեան 9-րդ դարադարձի տօնախմբութեան գագաթնակէտը հանդիսացաւ անդամներու ու կամաւորներու Հռոմ ժամանումը ու ս. Պետրոս տաճարին մէջ հանդիսաւոր պատարագին իրենց մասնակցութիւնը, նախագահութեամբ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար` կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի։ Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին, այս կարեւոր դարադարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը միացաւ ներկաներուն ու անոնց ուղղեց իր պատգամը եւ շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Նշենք որ Մալթայի կրօնական, ասպնջական եւ կաթողիկէ ասպետական կարգը յաջորդութիւնն է Երուսաղէմի ս. Յովհաննէսի անուան ասպնջական կարգին, հիմնուած՝ խաչակիրներու պատերազմի ընթացքին։ Այս կարգը միջազգային ճանաչում ունի, որուն կեդրոնը 1834էն ի վեր Հռոմ կը գտնուի ։ Կարգը ունի դիւանագիտական կապեր աւելի քան 100 պետութիւններու հետ, ներառեալ Ս. Աթոռը։ Անիկա նաեւ ներկայ է ՄԱԿի­ Եւրոպայի Միութեան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ։ Անոր հիմնական գործունէութիւնը այժմ կը կեդրոնանայ հիւանդանոցներու վրայ աւելի քան 120 պետութիւններու մօտ։ Մալթայի կարգը ունի հիմնադրամներ, հիւանդանոցներ ու խնամատուներ։ Իր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար Մալթայի կարգը ունի 13.500 անդամներ, 80.000 մնայուն կամաւորներ եւ 25 հազար բժշկներ, հիւանդապահ-հիւանդապահուիներ։
Ներկայիս Մալթայի ասպետական կարգի առաքելութիւններէն մին է նաեւ բնական աղէտներու եւ զինուորական ընդհարումի երնթարկուած բնակչութեան օժանդակել։








All the contents on this site are copyrighted ©.