2013-02-09 11:34:19

Բարեկենդանի Տօնը


Տօնին Կրօնական իմաստն ու աւանդութիւնները.
Հին ժամանակ հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամենատարածուածը Բարեկենդանն էր: Անիկա կը յաջորդէր Ս. Սարգիսի տօնին եւ կը տեւէր մինչեւ Մեծ պահքի նախօրեակը: Երկշաբաթեայ այս տօնախմբութիւնը կատակով յաճախ կ՛անուանէին «փորեկենդան», որովհետեւ տօնին գլխաւոր յատկանիշը կերուխումն էր:
Այս առիթով կը պատրաստէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ՛օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդ օրերուն: Կաղանդի նման, կ՛այցելէին իրարու տուն եւ կը շնորհաւորէին, կը մասնակցէին ճոխ սեղաններու խնճոյքներու, կը կազմակերպէին խաղեր, երգ, պար եւ ներկայացումներ: Յատկանշական էր այն, որ խնճոյքներուն կը մասնակցէին նաեւ կիները, եթէ այլ տօներու ան կ՛առանձնանար, ապա Բարեկենդանին կը տիրէր սեռի, տարիքի եւ խաւի հաւասարութիւն:
Բարեկենդանի աւանդոյթը կու գայ շատ հին ժամանակներէն, բառը ստուգաբանելով (բարե=բարի, կենդան=կենդանութիւն) կարելի է եզրակացնել, որ անիկա կապ ունի բնութեան զարթօնքին, բերքի, բարիքի հետ: Այս իմաստով Բարեկենդանը բազմաթիւ ծիսական պաշտամունքային տարրեր ունի, որոնք մնացած են խաղերու ձեւով: Այսպէս, օրինակ, խաղերու ընթացքին սուտմեռուկ ձեւանալ, յետոյ` յառնող բնութեան պաշտամունքին հետ:
Բարեկենդանի խորհուրդներէն մէկն ալ բարիի ու չարի պայքարը կը խորհրդանշէ: Խաղերու ընթացքին կը ծաղրուին համայնքի անարդար մեծաւորները, դատաստան կ՛ընեն եւ կը պատժեն: Իրական կեանքի մէջ չկրցածը կարելի է կատարել Բարեկենդանի օրերուն, խաղերու ընդմէջէն: Այդ օրը մէկը միւսէն նեղուելու իրաւունք չունէր, բոլորը կրնային կատակել, ծաղրել եւ քննադատել:
Չափազանց հետաքրքրական էր նաեւ հայկական գիւղերուն մէջ Բարեկենդանի խաղերու եւ դիմակահանդէսներու սովորութիւնը, երբ պատանիները դռնէ դուռ շրջելով` կը զուարճանային: Դժբախտաբար մոռցուած է այդ գեղեցիկ աւանդոյթը, միայն դպրոցներուն մէջ կը յիշուի կամ կը տօնուի. մինչդեռ, օրինակ, Վենետիկի մէջ անիկա վերածուած է ազգային փառատօնի:
Բարեկենդանի խաղերէն էին ընկուզախաղն ու ճօճախաղը: Ճօճախաղին առաւելաբար կը մասնակցէին կիները, երիտասարդ աղջիկներն ու երեխաները: Անոնք պարանով պատրաստուած ճօճանակներու վրայ կ՛օրօրուէին, իսկ իրենց շուրջ հաւաքուած բազմութիւնը ճիպոտով կը հարուածէր ոտքերուն, որպէսզի ճօճուողը որեւէ գաղտնիք յայտնէ, կամ սիրած երիտասարդին անունը բացայայտէ:
Հայ Եկեղեցին
Հայ եկեղեցին յատուկ արարողութիւններով կը նշէ այս տօնը:
Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, զոր կը վայելէին Ադամն ու Եւան դրախտին մէջ: Անիկա նաեւ դրախտային կեանքին օրինակն է, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացի գիտութեան ծառին պատկանողներէն: Իսկ յաջորդ կիրակին կը կոչուի արտաքսման կիրակի եւ կը բնորոշուի մարդուն արտաքսումով երանութեան դրախտէն:
Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը քաշուի, խորանը կը ծածկուի եւ այնպէս փակ կը մնայ քառասնօրեայ պահքի շրջանին:
Բարեկենդանի Խոհանոց
Բարեկենդանի օրերու ամենաբնորոշը, սակայն, կերակուրներու առատութիւնը եւ այլազանութիւնն է: Անպայման իւրաքանչիւր ընտանիք, նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, կը մորթէր կով, այծ, ոչխար կամ հաւ:
Սովորական օրերուն գիւղացին հազուադէպօրէն կը մորթէր իր տան անասունները, սակայն Բարեկենդանի աւանդոյթի արմատներուն մէջ նաեւ կայ զոհաբերութեան գաղափարը. յանուն յաջողակ երկրագործական տարեսկիզբի, մատաղով սիրաշահուած են աստուածները` խնդրելով բերքի առատութիւն:
Հետագայ օրերու կերուխումն ու խրախճանքներն ալ աստուածներուն նուիրուած շքահանդէսներու մնացուկներն են:
Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներէն են ՓԱԹԻԼԼԱՆ (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), ԱՄԻՃԸ (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), ԲԽԲԽԻԿԸ (տապկուած անուշեղէն), ՀԱԼՎԱՆ, ՓԱԽԼԱՒԱՆ, ՍԸՌՈՆԸ (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), ԹԱՆԱՊՈՒՐԻ տեսակները, ձուածեղներ, ՍԵՄՍԵԿԸ (միսով խմորեղէն), Գաթաներու տեսակները, աղանձը, փոխինձը, ինչպէս նաեւ` կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման:








All the contents on this site are copyrighted ©.