2013-02-09 11:33:59

«Արաբական Գարուն»ը 225 Միլիառ Տոլարի Վնաս Կը Պատճառէ։


«Արաբական Գարնան» տնտեսական վնասները, 2011-2015 տարիներու ընթացքին, 225 միլիառ տոլար պիտի ըլլան( ըստ Միջազգային Դրամական Հիմնադրամի տուեալներուն) :
Հոկտեմբեր 2011ին, Միջազգային դրամական հիմնադրամը արաբական երկիրներուն կրած վնասները գնահատած էր 55 միլիառ տոլարով: Ըստ փորձագէտներու՝ Եմէնի մէջ այս վնասը կազմած է այդ երկրի Ներքին ընդհանուր արտադրութեան 5.4 առ հարիւրը, Թունուզի մէջ՝ 5.2, Եգիպտոսի մէջ՝ 4.2: Աւելի ծանր հարուած ստացած են Սուրիան ու Լիպիան, ուր վնասը կազմած է Ներքին ընդհանուր արտադրութեան 7.7 առ հարիւրը:

Ապրիլ 2012ին, «Լիպիըն Ֆորէյն Պենք»ը յայտարարած է, որ արաբական աշխարհի երկիրները յեղափոխութեան պատճառով ցարդ 75 միլիառ տոլար կորսնցուցած են:
Դեկտեմբեր 2012ին, Յորդանանի ծրագրաւորման եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութիւնը վնասները գնահատած էր 120 միլիառ տոլարով:
Il "costo" dekka Primavera Araba








All the contents on this site are copyrighted ©.