2013-02-08 13:16:25

Թուրքիոյ Մօտ Ամերիկայի Դեսպանը ֆ.Ռիչչարտոնէ կը Քննադատէ Թուրքիոյ Դատական Համակարգը։


Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի ներքին օրակարգը փոթորկած է, երբ Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի դեսպան ֆրանսիս Ռիչչարտտոնէ յայտարարութիւններ ըրաւ թուրք մամուլին ու քննադատեց Թուրքիոյ դատական համակարգը։ Ռիչչարտոնէ մասնաւորաբար անդրադարձաւ Էրկէնէքոնի ու Լախտի դատաւարութիւններուն,բանտարկեալ Խորհրդարանականներուն եւ Ուսանողներուն եւ ըսաւ որ դատավարութիւնները անհասկնալի կերպով կ՝երկարին ։
՝՝Տակաւին պաշտօնական մեղադրանք չէ հրատարակուած ու յայտնի չէ թէ ձերբակալեալները ի՞նչ յանցանքերով կը մեղադրուին՝՝ ըսած է Դեսպանը ու աւելցուցած թէ ՝՝Եւրոպական դատարանները ու ամերիկացիները կը դժուարանան հասկնալ այն վճիռները որոնք կ՝առնուին թրքական դատարաններու կողմէ՝՝։

Ամերիկայի դեսպանին այս խօսքերուն ծանր պատասխան մը եկած է Ա ԳԷ ՓԷ իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութենէն,եւ թէ կուսակցութեան փոխ-նախագահ Հիւսէյին Չէլիք յայտարարած թէ ՝՝Ամերիկացի Դեսպանը իր չափը պէտք է գիտնայ,պահանջելով որ Ամերիկայ նախ աշխարհին լուսաբանէ Կուանթանամոյի բանտի մէջ արգելափակեալներուն դէմ գործուած տմարդի դէպքերը,եւ թէ կը պախարակեն ամերիկացի դեսպանի յայտարարութիւնները ։ (Մարմարա-Պոլիս).








All the contents on this site are copyrighted ©.